Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Սինիորան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի այսօրուան լիագումար նիստին եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու վերաբերող հարցեր:
Քննարկուեցաւ նաեւ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնելու իրականութիւնը:
Խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հաւանականութիւնը նախագահ Սլէյման քննարկեց նաեւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի եւ Ֆատի Ապպուտի հետ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի, որ Սլէյմանի փոխանցեց Փարիզի զօրակցութիւնը` լիբանանեան պետութեան եւ անոր վարած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Ֆրանսա լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար` յարգելով «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:
Փաուլի հաստատեց, որ Ֆրանսա նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Ռեմոն Խաթթար:


