Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Երկարաձգէ Իր Պաշտօնավարութիւնը
Խորհրդարանը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պիտի գումարէ իր լիագումար նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Լիագումար նիստին ընթացքին պիտի երկարաձգուի խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը:
Երկարաձգումին մասին արդէն իսկ սկզբնական համախոհութիւն մը գոյացած է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ:
Լիագումար նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ իր երեսփոխանները:
Կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վիճարկէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը:
CATEGORIES Լիբանանեան

