Նալբանդեան Ընդունեց Ֆրանսացի Խորհրդարանականներ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուանը եւ Ծերակոյտի անդամներ Հանրի Տը Ռենքուրը եւ Պեռնար Սոճենը:

Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց վերջիններուս երկարամեայ ներդրումը հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց ֆրանսացի խորհրդարանականներու Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը:

Ֆրանսացի խորհրդարանականները վստահեցուցին, որ  պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը` ուղղուած Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման եւ խորացման:

Share this Article
CATEGORIES