Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Անտարբեր մի՛ մնաք ձեզի ուղղուած հրաւէրի մը, որպէսզի այլամերժ չնկատուիք: Ընկերային կեանքն ալ ունի ուսանելի բաներ: Եղէք եռանդուն` կեանքը տեսնելու ամէն անկիւնէ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւ պատրաստուեցէք ձեր որոշած ճամբորդութեան` առանց մոռնալու կարեւոր փաստաթուղթերը: Մնացէք օրուան պահանջներուն հետ համերաշխ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Իրաւախոհութեան ձեր կեցուածքը պիտի գնահատուի: Այս իսկ պատճառով պիտի հրաւիրուիք իբրեւ բարեխօս` ձեր շուրջը սստեղծուած շփոթ կացութիւնը դարմանելու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Խոշորացոյցով մի՛ դիտէք աննշան նկատուած հարցերը: Կատարեցէք լուրջ կարգադրութիւն մը` կողմերու միջեւ: Օրը ապահով է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մնացէք ձեր առօրեայ աշխատանքին վրայ` առանց երկրորդ նախաձեռնութիւն մը սկսելու: Օրուան ձեր աշխատանքները բաւարար են, յաւելեալ յոգնութիւն մի՛ ստանձնէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նոր լուրեր, նոր հանդիպումներ. ծանրաբեռնուած, բայց նոյն ատեն հաճելի է օրը: Ձեր շուրջի անձերը պիտի հետաքրքրուին ձեր բարեկամութեամբ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ մտահոգուիք, թէ ձեր նախաձեռնութիւնը ի՛նչ արդիւնք պիտի ունենայ: Վստահ եղէք, որ ամէն ինչ կարգին է, հետեւաբար կասկածելու ոչինչ ունիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մտաւոր աշխատանքի մը պիտի հետեւիք` ունենալու համար ձեր պրպտումներուն արդիւնքը: Այս իմաստով կրնաք ձեռք ձգել նաեւ նիւթական վարձատրութիւն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
«Ինչ որ ցանէք, այն կը հնձէք», կ՛ըսէ առածը: Այս կը նշանակէ որ պիտի վարձատրուիք ձեր կատարած բարիքին փոխարէն: Միշտ բարին մտածելը լաւագոյն բարեկամութեան կ՛առաջնորդէ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խնայասիրութիւնը լաւ յատկանիշ մըն է ամէն տեսակէտով: Ձեր դրամին արժէքը գիտցէք, որպէսզի գալիք օրերուն նեղի չմատնուիք: «Ճերմակ գումարը պահեցէք սեւ օրերու համար», կ՛ըսէ առածը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ վճարելիք մուրհակներ ունիք, օրը օրին վճարեցէք: Եթէ դրամ փոխ տուած էք ոեւէ մէկուն, առանց ամչնալու պահանջեցէք, որպէսզի չմոռցուի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ միջամտէք ուրիշներու դասաւորած ծրագրին, եթէ ձեզի համար անհաճոյ թուի: Ամէն մարդ իր ըրածին վնասն ալ շահն ալ ինքն իր կողմէ կը ստեղծէ:

Share this Article
CATEGORIES