50 Տարի Առաջ (1 Յունիս 1963)
ՀՅԴ Զաւարեան Աշակերտական Միութեան
(Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղ) Բեղուն
Գործունէութիւնը
ՀՅԴ Զաւարեան աշակերտական միութիւնը ամէն տարի արտասանական, ընդհանուր զարգացման եւ շարադրութեան մրցումներ կը կազմակերպէ պէյրութահայ վարժարաններու միջեւ: Կը մասնակցին 9-10 նախակրթարաններ:
6 ապրիլ 1963-ին տեղի ունեցաւ շարադրութեան մրցում մը, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան մէջ: Կը մասնակցէին Թորգոմեան, Հայ աւետ, բարձր.- Կիլիկեան, Ս. Քառս. Մանկանց բարձր. Էմհրամճեան, Ս. Նշան, Աբգարեան վարժարանները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանները:
Կազմուած էր 5 հոգինոց դատական մարմին մը:
Առաջին հանդիսացաւ Ն. Փ. Ճեմարանէն Յասմիկ Սիւրմէլեան, երկրորդ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանէն Վաչէ Գասարճեան, եւ Ն. Փ. ճեմարանէն Վարդգէս Նարկիզեան, իսկ երրորդ Թորգոմեան վարժարանէն` Կարօ Միրիճանեան:
***
Մայիս 22-ին տեղի ունեցաւ արտասանական մրցում մը, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Ս. Նշան, Ս. Քառս. Մանկանց Բարձր. Էհրամճեան, Նուպարեան, Կիլիկեան, Մեսրոպեան, Հայ աւետ. Բարձր. եւ Հայ աւետ. Բեթանեան վարժարաններու եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի:
Իւրաքանչիւր վարժարան ղրկած էր մէկ կամ երկու ներկայացուցիչ` մասնակցելու այս մրցումին, ընդամէնը` 15 հոգի:
Մրցումը տեղի ունեցաւ տաք մթնոլորտի մը մէջ: Արտասանողները յաջորդաբար բեմ բարձրացան արտասանելու համար Յովհաննէս Շիրազի «Կտակ»-ը իբրեւ պարտադիր քերթուած եւ հինգ վայրկեանի դադարէ մը ետք արտասանեցին ազատ քերթուածներ` զանազան հեղինակներէ:
Դատական մարմինին որոշումով, առաջին հանդիսացաւ Ռոստոմ Սաղրեան` Էհրամճեան վարժարանէն, երկրորդ Սոնա Տէրտէրեան` Ս. Նշան վարժարանէն եւ երրորդ Մարի Թագլեան` Բեթանեան վարժարանէն:
***
Միութեան երրորդ ձեռնարկը` ընդհանուր զարգացման մրցում մը, տեղի պիտի ունենայ 8 յունիս 1963, Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան սրահին մէջ: Կը յուսանք, որ աւելի մեծ թիւով վարժարաններ պիտի մասնակցին այս օգտաշատ ձեռնարկին:
Ս. Ն.
24-5-63
Պէյրութ

