Պզտիկ Հանճարեղներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նոյնիսկ տարիքով փոքրերը կրնան մեծ գիւտեր կատարել: Այո, 18 տարեկանին կամ նոյնիսկ 10 տարեկանին կարելի է յեղաշրջումներ կատարել գիտութեան մարզին մէջ…

  • Քշա եւ իր լեցնելու հզօր մեքենան

Քշա Քեր 18 տարեկան ամերիկացի ուսանողուհի մըն է: 17 մայիսին ան մրցանակ մը շահեցաւ իր գիւտին համար:

Անոր հնարած մեքենային շնորհիւ` կարելի է բջիջային հեռաձայնը քանի մը երկվայրկեանէն լիցքաւորել: Առաւել, բարդերուն կեանքն ալ  աւելի երկար կ՛ըլլայ:

  • Պրինաթի եւ իր հիւանդութիւնը գտնող մեքենան

Պրինաթի Ուէնկըր 22 ապրիլին մրցանակ մը կը ստանար իր գիւտերուն համար: Այս 18 տարեկան ամերիկացի աշակերտուհին հնարած է միջոց մը` համակարգիչով ախտաճանաչելու սպիտակարիւնութիւնը լուքիմեա, որ արեան ծանր քաղցկեղ մըն է:

Անոր գտած համակարգչային ծրագիրը կարելիութիւնը կու տայ հիւանդութիւնը բացայայտելու աւելի կանուխ եւ արագօրէն խնամել այդ հիւանդութենէն տառապող անձերը: Այս արհեստական խելացութեան դրութիւնը (երբ համակարգիչը կարծէք մինակը կը մտածէ) շարունակութիւն մըն է քանի մը տարիներ առաջ անոր ստեղծած կուրծքի քաղցկեղը ախտաճանաչող ծրագիրին:

Ճէյքըպ Եւ Թուաբանութիւնը

Աւելի տպաւորիչ է 12 տարեկան Ճէյքըպ, որուն աշխարհը կը ծանօթանար մարտ ամսուն. ան հարցման տակ կը դնէր Ալպերթ Այնշթայնի նշանաւոր տեսութիւնը: Անոր համար թիւերը, հաշիւները եւ գործողութիւնները ո՛չ մէկ գաղտնիք ունին: Այժմ Ճէյքըպ Պառնեթ մեծ մասնագէտներու հետ կ՛աշխատի իր տեսութիւններուն մասին մտածելու համար:

  • Պատմութեան մէջ ալ ուրիշ հանճարներ

Մեծ գիւտեր, զոր մենք ամէն օր կ՛օգտագործենք, երեւակայուած են փոքր հանճարներու կողմէ:

Անոնցմէ յիշենք Լուի Պրայ, որ 1824 թուականին, 15 տարեկանին, հնարած է հաղորդակցելու միջոց մը` կոյրերուն յատուկ, ցցուն կէտերու հիման վրան:

Անշուշտ միայն գիտութիւնը կարեւոր չէ: Ուրիշ մարզերու մէջ ալ մենք կը հանդիպինք փոքր հանճարներու: Օրինակի համար, երաժշտութեան աշխարհին մէջ Մոցարթ իր առաջին կտորները յօրինած է 6 տարեկանին:

 

Շարժի՛նք

Սկովտիոյ (Անգլիոյ հիւսիսը) համալսարաններէն մէկը միջոց մը գտած է գիրութեան դէմ պայքարելու: Ան իր ուսանողներուն կ՛առաջարկէ դասի պահուն… պարել:

Ուսանողները շատ չեն շարժիր: Այս ձեւով անոնք կրնան գիրնալ եւ առողջապահական հարցեր ունենալ:

Հետեւաբար, զանոնք շարժելու համար Ապըրտինի Ռոպըրթ Կորտըն սկովտիական համալսարանին պատասխանատուները որոշած են անոնց արտօնել դասարանին մէջ պարել:

Այն պահերուն, երբ դասախօսները համաձայն են, ուսանողները պիտի կարենան 2 վայրկեան պարել, ամէն 20 վայրկեանը անգամ մը, իրենց ընտրած երաժշտութեան վրայ:

Ասիկա շատ լաւ միջոց մըն է ուղեղը մաքրելու եւ ոտքերը «արթնցնելու»: Սակայն նախաձեռնութիւնները հոս կանգ չեն առներ: Դասախօս մը իր դասը կը բացատրէ գնդակ մը նետելով այն ուսանողին, զոր կ՛ուզէ հարցաքննել: Անշուշտ զօրաւոր անդրադարձ շարժումներ պէտք է ունենալ եւ արթուն ըլլալ:

Ուրիշ նիւթերու ընթացքին ուսանողներուն կ՛առաջարկուի դասին հետեւիլ մարզանքի մեծ գնդակներու վրայ նստած. այս ձեւող անոնք կը սորվին իրենց հաւասարակշռութիւն պահել եւ կեդրոնացած ըլլալ:

Այս համալսարանին ուսանողներւոն չէ առաջարկուած միայն դասերու ընթացքին շարժիլ. անոնց կ՛առաջարկուի նաեւ իրենց պարտականութիւնները կատարել… ոտքի:

Անշուշտ այս միջոցները բոլոր նիւթերւոն համար չեն. ինչպէս նաեւ պարել միշտ կարելի չէ: Սակայն համալսարանը կը փափաքի, որ ուսանողները շաբթուան ընթացքին հետեւին այս «շարժուն» դասերէն առնուազն մէկուն:

 

Ձեռագիրը Պիտի Կորսուի՞

2014 թուականին Միացեալ Նահանգներու յիսուն նահանգներէն քառասունհինգին նախակրթարաններուն մէջ ձեռագիր սորվիլը ստիպողական պիտի չըլլայ: Անոր փոխարէն` աշակերտները պիտի սորվին համակարգիչի կոճակները սեղմել:

Գրելը սկիզբ առած է վեց հազար տարիներ առաջ: Սակայն արդեօ՞ք անիկա կորսուելու վրայ է:

Դպրոցէն դուրս գրելու առիթները հազուադէպ կը դառնան: Օրինակի համար, ժամանակին, երբ մարդիկ կ՛ուզէին բարեկամի մը հետ հաղորդակցիլ, անոր նամակ մը կը գրէին… Այժմ մենք կը գործածենք մեր ձեռքերը համակարգիչի կոճակները սեղմելու համար: Ժամանակին, երբ կ՛երթայինք գնումներ ընելու, մեր ցանկը կը գրէինք թուղթի մը վրայ: Այժմ մեր ցանկը կ՛արձանագրենք մեր բջիջային հեռաձայնին վրայ:

Այս ձեւով, առօրեայի պզտիկ աշխատանքներուն մէջ գրիչը կամաց-կամաց կը փոխարինուի համակարգիչով, բջիջային հեռաձայնով կամ ելեկտրոնային տախտակով: Անգլիոյ մէջ նոր կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ հարցպնդուած անձերէն 40 առ հարիւրը ձեռքով ոչինչ գրած են 6 ամիսէ ի վեր:

* * *

Ըստ Միացեալ Նահանգներու մեծամասնութեան, ձեռագիրը վստահ միջոց մը չէ, որովհետեւ զայն կարդալը շատ դժուար է: Օրինակի համար, բազմաթիւ ամերիկացիներ դժուարութիւններ ունեցած են, որովհետեւ սխալ կարդացած են իրենց բժիշկին գրած դեղագիրը:

Հոն համակարգիչով գրելու վարժեցումի դրութիւնը հաստատելը դժուար չէ. Միացեալ Նահանգներու մէջ դասարանները «նուաճուած» են համակարգիչներով: Ըստ կարգ մը ուսուցիչներու, ձեռագիր գրելը անօգուտ դարձած է: «Այժմ ամէնէն կարեւոր կարողութիւնը համակարգիչով աշխատիլն է», կ՛ըսէ անոնցմէ մէկը:

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, երբ մենք դադրինք գրիչով գրել սորվելէ: Օրինակի համար, եթէ ելեկտրական մեծ խանգարում մը պատահի, մարդիկ նեղի պիտի մատնուին, որովհետեւ ո՛չ մէկը պիտի գիտնայ գրիչ մը գործածել:

* * *

Գրել սորվիլը կ՛ազդէ նաեւ մեր ուղեղին զարգացման վրայ: Այսինքն, եթէ մենք այլեւս գրել չսորվինք, մեր սորվելու կարողութիւնները կը նուազին: Մասնագէտներուն համար կարեւոր է ձեռքով գրել գիտնալ` ոչ միայն գրութեան տիրապետելու համար, այլ նաեւ` ընթերցանութեան: Գրել գիտնալը` կը նշանակէ նաեւ կարդալ գիտնալ:

Իսկ դուն ի՞նչ կը մտածես: Արդեօ՞ք օր մը ձեռագիրը պատմութիւն պիտի դառնայ:

 

Աշխարհի Ամէնէն…

… Արեւոտ վայրը

Եումա: Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգին այս քաղաքին մէջ արեւը կը փայլի 4174 ժամ, ամէն տարի ընդամէնը 4456 ժամ կարելի լուսաւորման վրայ: Հետեւաբար հոն օդը շատ տաք կ՛ընէ. յուլիս 1995-ին ջերմաստիճանը մրցանիշ մը արձանագրած է 51 աստիճան տաքութեամբ: Եւ նոյնիսկ եթէ այդ շրջանին մէջ ջերմաստիճանը իջած է մինչեւ զերօ, հոն ոչ մէկ ձիւնի փաթիլ թափած է:

 

… Բարձր խոտը

Պամպուն: Պամպուն կը բուսնի Ասիոյ մէջ: Հնդկաստանի մէջ կարգ մը պամպուներ կ՛ունենան մինչեւ 37 մեթր, բարձրութիւն, այսինքն` մօտաւորապէս 10 շէնքերու համապատասխան: Պամպուն ամէնէն արագ աճող բոյսն ալ է: Անիկա կրնայ օրական 90 սմ աճիլ:

 

… Մեծ հրաբուխը

Մոնա Լոա: Ան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Հաուայի նահանգին մէջ: Անոր ընդհանուր բարձրութիւնը 17 քմ է, եւ հրաբուխէն միայն 4170 մեթր ջուրի մակերեսէն դուրս կը բարձրանայ: Այս հրաբուխը կը պատկանի «կարմիրներու» ընտանիքին, այսինքն` այն հրաբուխները, որոնք լաւայի հոսքեր կը տարածեն:

 

… մեծ անասունը

Կապոյտ կէտը: Կապոյտ կէտը ծովային ստնաւոր մըն է: Անիկա կրնայ կշռել մինչեւ 190 թոն, այսինքն` մօտաւորապէս 31 փիղի չափ, եւ ունենալ 33 մեթր երկարութիւն, 3 օթոպիւսներու չափ: Անիկա երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցած ամէնէն մեծ եւ ամէնէն ծանր անասունն է:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել տուրմի տոպրակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել շնիկին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES