Հասան Ճեմալ. Եթէ Յոյս Չունիս Կը Կորսնցնես

ՀԱՍԱՆ ճԵՄԱԼ

«Ոչ ոք, այո՛ ոչ ոք,
Մօր սիրտը չի կրնար մոռնալ»:

Դուրսը ձիւն տեղացած ատեն տուտուկ մտիկ ընելը աւելի տխուր է: Կաթաճերմակ մոխրախառն օդ մը, երբ  հողն ու երկինքը կը միախառնուին,  Պօղազը «Ծոցը» հեռուէն կարելի չէր զանազանել:

Տխուր, սակայն գեղեցիկ է ամէն բան:

2008-ի առաջին օրերը:

Տուտուկը մարդուն խորքը կ՛այրէ:

Տուտուկը աւելի մելամաղձոտ կը դարձնէ մարդուն միտքը մնայուն կերպով տարբեր աշխարհներ կը տանի: Նախորդ տարի այս շրջանին Հրանդ Տինքը հողին կը յանձնէինք, այն ատեն առաջին անգամ ըլլալով տուտուկին նուագը լսեցի:

«Մեր լեռներուն սրինգը» խորագիրը կրող բանաստեղծութեան մէջ «Սրինգ, վայրի սրինգ, անվերջ հոսող արցունքներդ»  ըսած է հայ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենց: 1885-ին ծնած, 23 տարեկանին` 1908-ին մահացած:

Հաշտութիւնը ի՞նչ է:

Ո՜վ գիտէ, թերեւս ալ ուրիշներուն զգացումները զգալ,  ուրիշներուն ցաւերը  հասկնալ եւ բաժնեկցիլ գիտնալն է հաշտութիւնը:

Լեւոն Մինասեանի տուտուկին մէջ, Արմանտ Ամարին արմատները մինչեւ Ֆաս երկարող տխուր երաժշտութեան եւ հայերէն երգերուն մէջ ամէնէն աւելի ցաւ եւ արցունք  կայ:

Կանուխ առաւօտ մը, դուրսը բարակ ձիւն տեղացած ատեն, տուտուկ մտիկ ընելը, սքանչելի է, ներսս միայն տխրութեամբ չէ, այլ յոյսով ալ կը լեցնէ:

Եթէ յոյս չունիս, կը կորսնցնես:

Միտքս ուրկէ՛ այսպիսի նախադասութիւն մը մտաւ,  չեմ յիշեր: Բայց այդպէս անյոյս կերպով կարելի չէ ապրիլ: Տոկալու համար յոյսը առաջին պայմանն է:

Երբեմն յուսահատութեան կը մատնուիմ այս երկրին մէջ: Այնպիսի  կոշտութիւններ,  այնպիսի տգեղութիւններ, այնպիսի անարդարութիւններ, այնպիսի անտրամաբանութիւն ամէն օր մեր աչքերուն առջեւէն կ՛անցնին կ՛երթան:

Քանի՞ տարեկան եղայ, այս յուսահատական վիճակներս փէշս բնաւ չեն ձգեր:

Դժբախտաբար այսպէս է:

Բայց յետոյ խաւարը անիծելով ամէն անգամուան պէս համակարգիչիս առջեւ նստելով վառելիք մոմ մըն ալ եթէ գտնուի` կ՛աշխատիմ:

Թերեւս յոյսի լոյս մը կը ծագի մտածելով:

Լեւոն Մինասեանի երգերէն մէկը, «Մօր սիրտը»  բառերով սկսող, տուտուկին ընկերակցութեամբ, «Ոչ ոք, այո՛` ոչ ոք, մօր սիրտը չի կրնար մոռնալ» կ՛ըսէ, կը շարունակէ եւ իր ձայնով մօրը հասկցնել կ՛աշխատի`  ցաւն ու արցունքները: Բայց ան գիտէ այս ցաւալի ձայնին բնաւ տեղ չհասնիլը…

Մօտերս շարժանկար մը դիտեցի: Ժօտի Ֆոսթըր կը հարցնէր Նիւ Եորքի փողոցները քալած ատեն.-

«Մեր յիշողութիւններու երազային քաղաքը պիտի կարենա՞նք կառուցել:»

Այս հարցումով թերեւս ալ, անգամ մը եւս,   անկարելիօրէն չվերադարձող անցեալին մէջ պահուած իրականութեան ետեւէն աննպատակ վազքը հասկցնել կ՛ուզէր: «Քաղաքը կամաց կամաց մեր աչքերուն առջեւէն կը կորսուի: Ձեր սիրածներէն որեւէ բան մը երբ կը կորսնցնէք, դուք եւս բան մը կորսնցուցած կ՛ըլլաք:»

Տարիներ անցնելէ ետք, բաներ մը կորսնցնելով` քեզմէ եւս բաներ մը կը հեռանայ. անոնց տեղը երբեք պիտի չկարենաք հատուցել… Կեանքը այսպէս է, չես կրնար փոխել: Դուրսը ձիւն տեղացած ատեն տուտուկ մտիկ ընել թերեւս աւելի տխուր է:

Բայց լաւ կը հնչէ:

Տարբեր աշխարհներու մէջ կը կորսուիմ: Այս հողերուն վրայ մնայուն կերպով թնդացող զէնքի, բռնութեան, սարսափի մասին չէ, որ կը մտածեմ, այլ յարատեւ հաշտութեան մասին: «Ապրելու իրաւունքը ամէնուն համար» խօսքը ականջիս կը զնգայ:

Ճոն Լենընի այդ անկրկնելի ձայնը…

1970-երու սկիզբը հաւանաբար:

Անծայր, անսահման դաշտի մը մէջ ալիքաւորուող հարիւր հազարաւոր երիտասարդութիւնը միատեղ աշխարհի հաշտութեան կանչը կը կատարեն, Վիեթնամի պատերազմին ընդդէմ իրենց ձայները միացուցած կը պոռան.-

«Մեր բոլոր ըսելիքը հաշտութեան առիթ մը տալէն բացի ոչինչ է»:

Աչքերս կը լեցուին:

2007-ը զիս աւելիով ընկճող տարի մը եղաւ,  բաւական դժուար անցաւ: 2007-ը մտաբերելով` Մարգար Էսայեանի մէկ գրութենէն սա տողերուն տակը ընդգծած էի.

«Սանթօրօ վարդապետի ոճիրէն ի վեր,  Հրանդ Տինքի եւ Մալաթիոյ հրատարակչական տան մօտ տեղի ունեցած սպանութեան իբրեւ սկիզբ, Միտեաթի ասորի կղերականը առեւանգուելուն եւ Իզմիրի ուրիշ վարդապետի մը դաշունահարութեամբ շարունակուող դէպքերուն  մեղսակցութեան  նպատակները` ո՛չ իսլամ, եւ ոչ ալ թուրք  բնակիչներն էին: Թուրքիան իբրեւ իսկական օրէնքի պետութիւն մը եւ հասուն ժողովրդավար տեսնել չուզող տարրեր, ամենաքիչ նիւթականի տէրերուն, այսինքն  մարդոց հաւատափոխութեան  խորհրդանիշ եղող ոչ իսլամները սարսափեցնելու կողմնակցողներ կան: Այս յարձակումին եւ ոճիրներուն դէմ զօրաւոր հակադարձութեան մը գոյութիւն չունենալը կը նախատեսեն: Այս նախատեսութեան առիթով, լուրջ  հասկացողութեամբ, միմիայն Հրանդ Տինքի ոճիրին առիթով սխալեցան: Այս պատճառով, Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան մասնակցող հարիւր հազարաւորներ «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ ենք» կարգախօսը, այս տարրերուն վրայ ազդելով` շատ լուրջ վիրաւորանքի եւ հիասթափութեան ճամբայ բացաւ:

Բայց, եկէք տեսէք, որ Մալաթիոյ ջարդին նկատմամբ հանրութիւնը նոյն հակադարձութիւնը ցոյց չտուաւ:  Ասորի կղերականին առեւանգուիլը ուր որ է` չտեսնուեցաւ: (…)

(…)

Լռել… Մեզի դէմ կատարուած բոլոր անարդարութիւններուն հանդէպ լուռ մնալ պիտի շարունակե՞նք:

Հրանդ Տինք ինչո՞ւ թիրախ  ընտրուեցաւ, իր կեանքը վտանգի տակ ըլլալը գիտէր: Շատ բարի, լռելով գիտե՞նք արդեօք, թէ ինչ բանի մենք գործընկեր կ՛ըլլանք»:

Անարդարութեան նկատմամբ անձայն մնալ…

Լռել…

Նոյն ատեն լռելով` ոճիրին մեղսակից ըլլալ…

Մեզի չպատկանող անարդարութիւններու հանդէպ անձայն մնալուն դժբախտ օրինակները նախորդ տարի շատ արձանագրուեցան: Այս լռութիւնը,  Թուրքիոյ մէջ արդարութեան եւ օրէնքի ճամբան կը խոչընդոտէ եւ իրական ժողովրդավար եւ մարդու իրաւունքի ներդաշնակութիւնը համատեղուիլը կ՛ուշացնէ:

Խտրականութիւններուն, ազատութիւններուն յարգանք եւ հանդուրժողութիւն սորվեցնելու ստիպողութեան տակ ենք: Յատկապէս փոքրամասութիւններու հարցով` կրօնքի, լեզուի,  արմատները տարբեր եղողներուն հանդէպ բարի կամեցողութիւն,  արդի արժէքները զարգացնելով  եւ օգտուելով անոնցմէ,  մեր ուզածին չափ օրէնքները վերափոխենք,  սահմանադրութեան մէջ ամէնէն լաւ յօդուածները  ներմուծենք, յաւելեալ փոփոխութիւն ընելով` յաւելեալ բան մը չփոխուիր:

Թշնամի ստեղծելու մշակոյթն ու լինչ ի մշակոյթը, միլլէճիութիւնն ու թունաւորուած ցեղային մտայնութենէն ազատելու համար ջանք պէտք է թափենք: Ասոր համար անհանգստացնող անարդարութիւններու դէմ ալ անձայն պէտք չէ մնանք:

Մեզի յատուկ նոր պատմութիւն մը
Հնարելը որքան սին ջանք մըն է եղեր…

2007-ի փետրուարի առաջին շաբաթը, ձիւնոտ լեռներուն մէջ ընտանիքով արձակուրդ  ընելով եւ գիրք կարդալով անցուցած էի: Քիչ մը աւելի հայկական հարց, քիչ մըն ալ քիւրտերու եւ ալեւիներու առնչութեամբ պատմութեան գիրքեր էին կարդացածներս:

Մեզի յատուկ նոր պատմութիւն մը հնարելուն շատ անշնորհ ի զուր ջանք մը ըլլալը անգամ մը եւս յայտնաբերեցի: Կրկին մտածեցի այն մասին, որ այլեւս Թուրքիոյ պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալէն չփախչելու չափ ինքզինքին վստահելու կարիքին մասին «պատմութենէն վախնալ»-ուն անել փողոց մը ըլլալուն մասին եւս:

Պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու, 301-րդ յանցանքի յօդուածի վիճակին բերուելուն  մի միայն ժողովրդավարութիւնը չէ, մարդկային անամօթութիւն մը ըլլալն ալ նօթի տետրակիս մէկ անկիւնը  գրուած էր:

Անցեալին գերին չեղած, անցեալը իրողապէս ըմբռնելու եւ աւելի կարեւորը,  պատմական հաշտութեան  դիմաց արգելք մը չեղող արարքին որչափ շնորհալի գործ մը ըլլալը նօթագրեցի: Մտածեցի, որ անցեալը մոռացութեան տալու քաղաքականութեամբ ոչ մէկ տեղ կարելի է հասնիլ:

Մելիսա Պիլալին «Թուրք հայերը յիշել»  խորագիրը կրող յօդուածէն այս տողերը ընգծեցի.-

«Թուրքիոյ մէջ այսօր ժողովրդավարութեան եւ հաշտութեան իրագործման կարեւորագոյն պայմաններէն մէկը անցեալին  հետ երես երեսի գալն է»:

Զուիցերիացի պատմաբան Հանս Լուքաս Քիսըրին գիրքէն ազդուեցայ: Մեր «պաշտօնական պատմութեան»  երբեմն հարեւանցիօրէն դիտուած, յատուկ մեզի համար պատմութիւն հնարել ձեռնարկելուն  որքան սխալ ըլլալը անգամ մը եւս հասկցայ: Ցաւերով ծանրաբեռնուած այս հողերուն ժամանակակից պատմութիւնը գրուած ատեն հայ եւ քիւրտ հարցերը, Անատոլուի քրիստոնեայ ժառանգութիւնը եւ կամ քրիստոնեայ առաքելութիւնը չեղեալ համարող հասկացողութիւնը մատնանշելով` հետեւեալ կէտը կը հասկցնէր Քիսըր գիրքին մէջ.

«Թուրքիոյ պատմութեան մէջ այս նիւթերուն չգոյութիւնը կը նմանի Քալիֆորնիայի պատմութեան մէջ կարմրամորթերու չգտնուելուն, եւ կամ Գերմանիայի պատմութեան մէջ հրեաներու չգտնուելուն, որուն իբր հետեւանք` կասկածելի կեցուածք մը կը յայտնաբերուի: Շինծու թրքագիտութեան մը փոխարժէքը իրապէս սուղ է– որովհետեւ պատմութեան կարեւոր հարցերուն հանդէպ անձայն  մնալ, պատմութեան գործարքին վնաս տալէ զատ ուրիշ բան մը չի նշանակեր:»

Անձայն մնալ, չեղեալ համարել…

1960-ի առաջին կէսին, Անգարայի Քաղաքական գիտութիւններու համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութիւն ուսանեցայ: Սակայն`, ո՛չ քիւրտեր եւ քրտական հարց կար սորվածներու մէջ, ո՛չ ալեւիներ, ո՛չ ալ հայկական հարց…  Օրինակ մեր Ազատագրութեան պատերազմը կարդացած ատենս, Թուրքիոյ խորհրդարանի 1922 տարուան սկիզբը, «Ինքնավար Քիւրտիստան փլան»-ը  64-ի դէմ  373 ձայնով ընդունուած ըլլալը չէին գրած մեր գիրքերը…

Քիսըր իր գիրքին մէջ  կը գրէր.-

«Ընդունելութիւն գտած  օրէնքը,  տեղական քիւրտ խորհրդարան ու քրտական   վարժարաններ  հիմնել նախատեսած էր.  պաշտօնական լեզուն թրքերէն պիտի ըլլար, եւ բոլոր կարեւոր  հաստատութիւնները Անգարայի խիստ հակակշռին տակ պիտի դրուէին»:

Երիտասարդ հանրապետութեան նշանաւոր օրէնսգէտ`  Մահմուտ Էսաթ Պոզքուրթին ցեղապաշտութիւնն ալ «Միւլքիյէ»-ի մէջ կարդացած չէինք:  Հիմա տեսէք, թէ ան 19 սեպտեմբեր 1930 թուակիր «Միլլիյէթ»  օրաթերթի  մէջ լոյս տեսած իր յօդուածով ինչեր ըսած է.-

«Ես այսպէս կը մտածեմ.- Ամէն ոք` բարեկամներ, թշնամիներ եւ լեռներ պէտք է գիտնան, թէ այս երկրին տէրը թուրքերն են… Հարազատ (Սաֆ) չեղողները թուրք մայր հայրենիքին մէջ միմիայն մէկ հատիկ (թէք) իրաւունք ունին.- ծառայ (հիզմէթքէր) ըլլալու իրաւունքը, գերի (քէօլէ) ըլլալու իրաւունքը: Մտածումներս գաղտնի պահելու կարիք չեմ զգար»:

Թանէր Աքչամին գիրքն ալ կարդացի արձակուրդիս:

«Հայկական Հարցը լուծուած է»

Գիրքին մէջ, Թալէաթ փաշային 1915-ի ամրան ղրկած հեռագիրէ մը մէջբերուած տողերը այսպէս կ՛ըսեն.-

«Հայերուն նկատմամբ ժողովի դրուած քաղաքականութեան նպատակը, զանոնք ոչնչացնելու արարքը բացայայտ կ՛ըլլայ. 29 օգոստոս 1915-ին Անգարայի Նահանգը ղրկուած գաղտնագիր հեռագիրը ճիշդ ու ճիշդ հետեւեալը ըսած էր. «Արեւելեան նահանգին պատկանող Հայկական հարցը լուծուած է:  Անտեղի (կամ) անկարեւոր միլլէթ եւ կառավարութիւնը արատաւոր հռչակելու պէտք չկայ»:

Թանէր Աքչամ գիրքը այսպէս կը վերջացնէր.

«Ապրուած ցաւերը հասկցող, ինչ ալ ըլլայ թող ըլլայ,  կրօնքը, ազգային արմատը տարբեր է ըսելով , մարդոց հանդէպ գործադրուած ոճիրները դատապարտող լեզու մը մինչեւ չգտնուի, հարցին լուծումը պիտի չձեւաւորուի: Այսինքն, առաջին անգամ մեզի պէտք եղած բանը` խղճով անընդունելի արարքի մը դէմ յանդիման գտնուելու իրականութիւնը տեսնել եւ ասոր յարմար լեզու մը գտնալը հարկաւոր է»:

Արձակուրդիս, Պիւիւք Ֆէլէքէթ (Մեծ Եղեռն) անուն գիրքը կարդացած ատենս սա կէտը գտած էի.

«Պատմութեան մէջ ուրացման քաղաքականութիւնը, ինքզինքին նոր պատմութիւն մը հնարելու հասկացողութիւնը`  անել փողոց մըն է»:

Մեր պետութեան մէջ պատմութեան վախը կայ:

Ժամանակ մը Անգարայի մէջ պետութեան վստահելի, տարեց գլուխով հանգստեան կոչուած երկրին քաղաքագէտները ամէն առաւօտ պետական պաշտօնական կառքերով կը հաւաքուէին ընդհանուր հրամանատարութեան մօտ եւ կամ տարբեր տեղ մը, պետական արխիւներու վրայ կ՛աշխատէին:

Անոնց գործը` «Յատուկ պարտականութիւն» մըն է եղեր:

Չեմ գիտեր , թէ պաշտօնական մեր պատմութեան անյարմար մտածողութեամբ «զգուշաւոր» նիւթերը արխիւներէն զատելու կոչուած այս «յատուկ պարտականութիւն»ը քանի տարի տեւեց:

Կրկին, պետութեան գործերուն տեղեակ վստահելի աղբիւրէ մը լսած եմ:

1950-ի մայիս ամսուն:

Ժողովրդավար կուսակցութիւնը, առանձինը, ընտրութիւնը շահած եւ Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան տիրացած առաջին անգամ ժողովուրդին քուէով երկրին կեցուածքը  կը փոխէր:

Տարիներէ ի վեր ինքզինքը պետութեան հարազատ դասող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան գլուխներէն նեղութեան հովեր կը փչէին:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն,  ներքին գործերու նախարարը իր աթոռը ժողովրդավար կուսակցութեան յանձնելէ առաջ,  այդ օրուան կարեւոր քանի մը պաշտօնական պատմաբանները նախարարութեան փոշիոտ արխիւներուն մէջ կը մտցնեն, «կը մաքրեն»  եւ  հանրութեան ձայներով իշխանութեան տիրացած կուսակցութեան ձեռքը անցնիլը չուզելնուն պատճառաւ տոմարներէն «կը մաքրեն» նախարարութեան արխիւները…

Մեր պետութիւնը այսպէս է:

Անցեալէն կը վախնայ:

Իրական վախ մը ունի:

Որովհետեւ աղտեր կան, իր իրագործած  «զոհերը» կան այդ անցեալին մէջ:

Ճիշդ այդ պատճառով մեր պետութիւնը մեր անցեալը մեզի ոչ թէ իսկական, այլ իր ուզածին պէս կը հասկցնէ:

Կարճ կապենք.

Մեզ սուտով ապրեցուցին:

Սուտով ապրող հաւաքականութիւն մը ըլլալով` մեր ինքնութիւնը չգտանք, չհասունցանք: Այս պատճառով  մեր ներքին  խաղաղութեան  չտիրացանք,  մեր ներքին հաշտութիւնը չկրցանք  ձեռք ձգել:

Իրենք զիրենք հանրապետական պետութեան հարազատ նկատող` զինուոր-աշխարհիկ  ընտրանի,  վարչաձեւի շնորհած իր անկախութեան, իր առաւելութեան դրութեան յարատեւման համար, Քեմալիզմի անուան տակ պատմութեան իրականութիւնները անդադար ասդին անդին զարնուեցան:

Այսպէս յարմար տեսան մեզի համար:

Երբ կեանքի իրականութիւնները դժուարացան, արխիւներուն վրայ կղպանքի վրայ կղպանք դրին, չբաւեց, արխիւները խառնշտկելով իսկութիւնները ոչնչացուցին:

Բայց ճշմարտութենէն ազատում չկայ:

Ճշմարտութիւնը, վերջ ի վերջոյ պիտի հասնի՛ մարդուն:

Իրապէս, այս նշանաւոր արխիւներու բնաւ չբացուելու իրականութիւնը գիտենք: Անցեալը կը գիտնանք եւ կը հարցաքննենք: Անցեալը դիմագրաւելու ալ վարժուեցանք:

Այս վազքը այլեւս կարելի չէ կասեցնել:

Անցեալը իր ամբողջութեամբ սորվիլ ու սորվելով հասկնալէ ետք, անցեալի բեռէն ձերբազատուելէ ետք, աւելի գեղեցիկ գալիքին ճամբայէն պիտի քալենք:

Ուիքիլիքսէն տեղեկացայ:

Անգարայէն Ուաշինկթըն ղրկուած գրութեան մը մէջ մտաւորական իմացականութեան տէր նկատուող ամերիկացի դիւանագէտ մը Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան կ՛անդրադառնայ: Իրականութիւններուն հանդէպ գլուխը ջայլամի մը պէս աւազին մէջ թաղող այս հասկացողութիւնը, 1991 թուականին տակնուվրայ եղող Խորհրդային Միութեան բռնատիրական պատմութիւն հասկացողութեան կը նմանցնէ:

Ուրեմն, գաղտնի հեռագիրին մէջ ըսած է.

«Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութիւնը բիրտ թապուներով,  վախերով  եւ  ստիպողութեան տակ գործադրուելու կոշտ  կեղծիքներով  լեցուն է:

«… Գալիքէն կասկած չունինք, անիկա գիտենք: Սակայն անցեալը, այդ Աստուծոյ պատուհասը (պելասը), անցեալը որ կայ, տեւական կը փոխուի», ըսելով կ՛ամբաստանէ»:

« Վաղուան օրը կու գայ` սպասես կամ ոչ»:

Տաքար, Սենեկալի մայրաքաղաքը:

2008,  մարտ:

Հանրապետութեան նախագահ Կիւլին շրջապտոյտին հետեւած ատենս, Անգարայէն լուր եկած էր,  Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փակուելու դատին յարուցուած ըլլալուն մասին:

Օրատետրիս նօթերուն կը նայիմ:

Կաս-կապոյտ Ատլանտեան ովկիանոս, շատ հեռուներէն սկսած, զօրաւոր, ճեփ-ճերմակ փրփրող ալիքները տարօրինակ ճիչեր արձակելով կը ծեծեն ժայռերը, անոնց է՛ն գլուխը միայնակ կեցած, տարուած էի:

Քունթա Քինթէն մտաբերեցի:

«Արմատներ»-ը մտաբերեցի:

Ճիշդ այստեղէն, Սեւ Ափրիկէի արեւմուտքին երկարող ամենածայրի կէտը:  Կօրէէ  Կղզիէն.  16-րդ դարու կէսերուն սկսած գերիներու վաճառականութիւնը, մարդկութեան սեփ-սեւ անամօթութիւններէն մէկը…

Չեմ գիտեր, կը յիշէ՞ք արդեօք:

1970-ականներու սեւ-ճերմակ հեռատեսիլի պետական կայանէն «Արմատներ» ֆիլմաշարը կը ցուցադրուէր: Բնաւ չէի փախցներ: Քունթա Քինթէն վայրի կենդանիի նման անտառին մէջ բռնած էին, շղթայած էին,  այդ նեղ բանտախուցին մէջ մտրակի պատիժին տակ, ամէն այդ վախազդու, մարմնիդ մազերը ցցող տեսարանները…

Տաքարի մէջ առանձնութիւնը կարծես ծաղիկ բացած է, գոյնզգոյն: Բայց փափուկ, զուարթ, կառքերուն մէջէն խնդացող մարդիկ, հաշտուած իրենք իրենց հետ,կ՛ապրին ծանրաշարժ մթնոլորտի մը մէջ: Իրարու հետ թրքերէն խօսելով` Կորէէի փողոցներէն անցած ատեն, կարճ տաբատ հագած կին մը կը ձայնակցի.-

«Բնաւ մտքէս չէր անցներ այստեղերը իմ գիտցած լեզուս` թրքերէնը լսել, ի՞նչ զուգադիպութիւն»:

Թրքերէնը լաւ կը խօսէր: Երբ հետաքրքրուեցանք «Երկար պատմութիւն» ըսելով` յայտնեց.- «Շատոնց Սուրիայէն եկած ենք, հայ եմ»: Սենեկալի մէջ, Ափրիկէի  արեւմուտքը երկարող ամենածայրի այս կէտին Կորէէի կղզիին վրայ հայ մը… Պատմութիւնը, արմատները գրել կ՛ուզէի: Բայց հասկցայ, որ ան շատ փափաք չունէր: Մեզի բարեւեց, տունը մտնելով դուռը գոցեց:

Կեանքը շատ կամաց կը հոսի այստեղերը: Մեր երկրին վազվզուքը չկայ: «Սենեկալի մէջ պապենական խօսք մը կայ», կ՛ըսէ տեղացի բարեկամս ականջիս .- «Վաղուան օրը կու գայ` սպասես կամ ոչ»: Այս խօսքը, ինծի Այշէին (հեղինակին կինը: Յ.Ա.) յորդորը կը յիշեցնէ.-

«Հասան Ճեմալ այդքան մի՛ վազցներ Աւարտը պիտի չկարենաս տեսնել այս շարժանկարին, որովհետեւ քեզմէ ետք ալ պիտի շարունակուի»:

«1915. Հայոց ցեղասպանութիւնը»
թրքերէն հատորէն

Հայացուց` ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ

Լաթաքիա

Share this Article
CATEGORIES