Հայաստանի Անկախութեան 95-ամեակը. Մայիս 28-ի Աւանդին Խեղաթիւրման Եւ Իմաստազրկման Փորձերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստան տակաւին խորհրդային հանրապետութիւն էր 1989-ին, երբ օրուան Կոմկուսի իշխանաւորները, հարկադրաբար տեղի տալով արցախեան Պահանջատիրութեան եւ անոր շղթայազերծած համաժողովրդային բողոքի ճնշումին տակ, պաշտօնապէս ճանչցան մայիս 28-ը` իբրեւ Հայաստանի անկախութեան ազգային տօն:

Հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, օրի՛ն, մեր ժողովուրդը իր տիրական մեծամասնութեամբ ապրեցաւ խանդավառութեան եւ հպարտութեան, յուզումի եւ սպասումներու անմոռանալի պահեր: Վերջապէս իրականացած էր սերունդներու երազը եւ Արցախի միացումը պահանջող բազմահազարանոց հանրահաւաքներուն վերեւը կը ծածանէր անկորնչելի Եռագոյնը` մայիս 28-ի գաղափարական աւանդին, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին շուրջ համախմբելով իրաւատէր ու մարտունակ հայութիւնը:

Դժգոհներ ալ կային, անշո՛ւշտ:

Ե՛ւ հայրենի ոստաններուն մէջ, ե՛ւ ի սփիւռս աշխարհի:

Եօթանասուն տարուան ուրացումի եւ պատմական նենգափոխումի գաղափարական թոյնով վարակուած ախտաւորները անպակաս էին, որոնք մայիս 28-ի եւ Եռագոյնի դէմ անհաշտ ու մաղձոտ պայքարը իրենց գոյութեան իմաստը դարձուցած էին:

Նոյնիսկ պապէն աւելի պապական դիրք ճշդողներ գտնուեցան օրին` տակաւին պնդելով, որ Դաշնակցութիւնը իբր թէ «իւրացուցած» է ազգին ու հայրենիքին պատկանող մայիս 28-ի յաղթանակն ու աւանդը:

Այդպիսիները ոչ միայն օրին մերժեցին տօնել մայիս 28-ի տարեդարձը, այլեւ հետագային ալ, նոյնիսկ երբ վերանկախացեալ Հայաստանը պետական տօն հռչակեց 28 մայիսը, շարունակեցին արատաւորման հնարք մը փնտռել եւ իրենցմէ հեռու վանել Հայաստանի անկախութեան մեծագոյն տօնին կենսատու բաժակը:

Բայց Հայաստանն ու հայութիւնը արդէն կատարած էին իրենց պատմական ընտրութիւնը: Հայրենիքի վերանկախացումն ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումը վճռուած, անդառնալի ուղի էր այլեւս: Հակադաշնակցական ցեխարձակումներով զբաղելու ժամանակը անցած-գացած էր:

Համահայկական զարթօնքի պատմական այդ ոգեշնչող օրերէն ահա շուրջ քառորդ անցած է, Հայաստան վերատիրացած է իր անկախութեան եւ, աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր, հայ ժողովուրդը իր ուղին կը հարթէ ազգային պետականութեան եւ ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ու հզօրացման ուղղութեամբ:

Բայց նաեւ ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ քայլերուն հետ, նորահաստատ իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքերէն երեւան եկան մայիս 28-ի աւանդները լիարժէք չվերականգնելու գաղափարական խոտորումներ: Երբեմն ծանրակշիռ եւ յաճախ թեթեւակի այդ խոտորումները ժամանակի ընթացքին ստացան հետեւողական եւ համադրուած, պետականօրէն հակակշռուած բնոյթ: Քայլ առ քայլ արմատաւորուեցան եւ սկսան տեղատուութեան մատնել ժողովրդային շարժման յառաջխաղացքը` թէ՛ ազգային մեր պետականութեան, թէ՛ ժողովրդավարական կարգերու վերականգնման զոյգ ուղղութիւններով ալ:

Գլխաւոր խոտորումը եւ հետագայ բոլոր խոտորումներու մայր աղբիւրը հանդիսացաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակէն զեղչումը «Միացեալ»-ին: Իբր թէ պետական մտածողութեամբ գործելու պատճառաբանութեամբ, հայ ժողովուրդի հողահաւաքին ու ազգահաւաքին օրակարգը դուրս մղուեցաւ Հայաստանի պետական քաղաքականութեան կիզակէտէն` իբր թէ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը անհամատեղելի նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հզօրացման եւ հայրենի հայութեան ընկերատնտեսական զարգացման առաջնահերթութեանց հետ:

Ծանրակշիռ միւս խոտորումը կատարուեցաւ մայիս 28-ով նուիրագործուած ազատութեան մեծ աւանդէն: Ընկերային արդար կարգերու եւ հասարակական համերաշխութեան մայիս 28-ի տեսլականը դուրս հանուեցաւ վերանկախացեալ Հայաստանի պետական ռազմավարութեան օրակարգէն: Անտառի օրէնքով ղեկավարուող վայրագ դրամատիրութեան անցնելու հեւքին մէջ, բնականաբար, ոտքի կոխան դարձան ժողովրդավարական ամէնէն տարրական արժէքները` արհամարհանքի մատնելով իրաւահաւասարութեան եւ քուէի սրբութեան տիեզերական սկզբունքները:

Հետեւող մասնակի կամ պարագայական խոտորումներու մասին չ՛արժեր խօսիլն իսկ:

Յանկարծ խաչակրական արշաւ մը սկսաւ եւ տարիներով քաշքշուեցաւ «Մեր հայրենիք»-ի ե՛ւ բառերուն, ե՛ւ երաժշտութեան դէմ:

Կամ` յանկարծ «գիւտ»-ը կատարուեցաւ Եռագոյնին «նարնջագոյն»-ը փոխարինելու «ծիրանագոյն»-ով եւ տեղի-անտեղի գործածելու պետական քարոզարշաւի համար:

Իսկ մայիս 28-ի պետական տօնը ստացաւ «Հանրապետութեան օր» անուանակոչումը` «Անկախութեան օր»-ը վերապահելու համար անկախութեան հանրաքուէի օրուան:

Աւելի՛ն. պաշտօնապէս Առաջին, Երկրորդ եւ Երրորդ Հանրապետութիւններ ունեցանք, որպէսզի ազգայինի եւ ապազգայինի (չըսելու համար հակաազգայինի) միջեւ զատորոշումն ու արժեւորումը չարմատաւորուին նորահաս մեր սերունդներու ազգային ինքնագիտակցութեան մէջ:

Պատահական չէ, հետեւաբար, որ մայիս 28-ի 95-ամեակին առիթով, Հայաստանի նախագահի յաւուր պատշաճի «Ուղերձ»-ին մէջ կողք-կողքի յիշատակուին «դաշնակցականն ու կոմունիստը»… իբրեւ Սարդարապատի ճակատամարտը յաղթանակով պսակած հայութեան քաղաքական հոսանքները:

Հայաստանի անկախութիւնը խորտակած «կոմունիստ»-ին Սարդարապատի հերոս հռչակելը իրապէս պատմագիտական «հմտութիւն» կ՛ուզէ…

Հայաստանի գործող նախագահը մեղաւոր չէ սակայն:

Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական վարքագծին պարտադրանքն է գաղափարական այսօրինակ խոտորումը:

Մայիս 28ի նուիրուած իր նոյն ուղերձին մէջ ՀՀ նախագահը պարտք կը զգայ շեշտելու, որ`

«1918 թուականի մայիսի 28-ը արձանագրումն է մեր ֆիզիքական փրկութեան եւ քաղաքական վերածննդի: Արձանագրումն է մեր ժողովրդի արիութեան ու բազկի ուժի, ինչը հետագայում փառահեղօրէն դրսեւորուեց նաեւ Մեծ Հայրենականի ճակատներում ու արցախեան գոյամարտում»:

Ի՜նչ «Մեծ Հայրենական»-ի մասին կը խօսի Հայաստանի նախագահը մայիս 28-ի առիթով:

Սարդարապատի կամ Շուշիի ազատագրումին համար մեր ժողովուրդին դրսեւորած արութիւնն ու բազկի ուժը ինչո՞ւ արատաւորել այսպէս կոչուած «Մեծ հայրենական»-ի պղտոր ջուրերով:

Ի վերջոյ պատմական ճշմարտութիւն է, որ «Մեծ Հայրենական»-ին խորհրդայինները հայ ժողովուրդէն աւելի քան չորս հարիւր հազար տղամարդ պարտադրաբար (եւ անվերադարձ) նետեցին պատերազմի դաշտ…

Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի նախագահը իր յատուկ պատճառները ունի «դաշնակցականն ու կոմունիստ»-ը, կամ` «Մեծ հայրենական»-ն ու արցախեան գոյամարտը… հաւասարեցնելու:

Բայց արեամբ գրուած պատմութիւն գոյութիւն ունի, որուն հետ ոչ ոք կրնայ խաղալ…

Մայիս 28-ի աւանդը նսեմացնելու գաղափարական խոտորումները անպատասխան չեն կրնար մնալ, պէտք չէ՛ մնան:

Եթէ վաղուան մեր սերունդներուն մէջ կ՛ուզենք վառ պահել, Չարենցի իսկ պատկերաւոր արտայայտութեամբ, հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ամբողջացման մայիս 28-ի գաղափարական խարոյկը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES