Ղեկավարներուն Ղեկավարը
ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Եթէ ազգովին կը դաւանիք, որ համազգային մեր սրբազան իտէալին` Ամբողջական Հայաստանի վերականգնումը մարմին կը զգենու ներկայ անկախ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումով, եթէ ազգովին բանիւ եւ գործով կը գուրգուրանք բոլորիս հպարտութիւն առթող մեր մայրաքաղաքին` Երեւանին, ապա պարտաւոր ենք նաեւ ազգովին ու միեւնոյն մօտեցումով, միեւնոյն գիտակցութեամբ արժեւորել ժամանակակից հայոց պատմութեան մեծագոյն ղեկավարը` Արամ Մանուկեանը, առանց որուն ներկայութեան` Երեւանը պիտի դատարկուէր 1918-ին եւ իր կարգին պիտի իյնար թշնամի թուրք հորդաններու ճիրաններուն մէջ: Այլ խօսքով, պիտի չարձանագրուէր Սարդարապատի պատմական ու անկիւնադարձային յաղթանակը, եւ բնականաբար պիտի չկերտուէր ու պիտի չհռչակուէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ անառարկելիօրէն կը կազմէ ներկայ անկախ մեր հանրապետութեան հիմնաքարը:
Արամ Մանուկեան եղաւ բառին ամբողջական առումով ղեկավար: Գլխագիր ու հրեղէն մարդ, որ իր անձին տիպար օրինակով, շնորհիւ իր կուռ նկարագիրին, ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ իր անխախտ համոզումին, հաւատքին ու անսահման սիրոյն ու նուիրումին` յաջողեցաւ ոչ միայն ոտքի հանել թշուառ ու սոված, բարոյալքուա՛ծ մեր ժողովուրդը, այլեւ` զայն մղել յաղթանակի: Արամ ղեկավարի իր ունակութիւնը փաստած էր արդէն մեր ազգային միասնականութեան արդիւնք` Վանի յաղթական հերոսամարտին: Ի զուր տեղ չէր, որ ժողովուրդին կողմէ ան արժանացաւ փաշա տիտղոսին ու ապա դարձաւ Վասպուրականի հերոսը: Ղարաբաղի զաւակ Արամ, սակայն, անզուգական ղեկավարի ապացոյցը տուաւ Մայիսեան հերոսամարտերուն ընթացքին, ստացաւ Համազգային դիմագիծ, դարձաւ Համազգայինի անզուգական դէմք: Հուսկ, Արամ Մանուկեան հանդիսացաւ Հայաստանի անկախութեան դարբինը, հիմնադի՛րը:
* * *
Այսօր, դար մը ետք, երբ ամէ՛ն մայիս 28-ի կը վերալիցքաւորուինք մայիսեան փառապանծ պատգամով, կը գօտեպնդուինք ու կը վերահաղորդուինք դաշնակցակա՛ն Արամով, անկախաբար մեր ակնածանքէն ու խոնարհումէն, ներքուստ թէ հրապարակաւ, լռելեայն թէ բարձրաձայն հարց կու տանք իրաւամբ. պիտի ծնի՞ն կամ պիտի գա՞ն արդեօք նոր Արամներ:
Անշուշտ այսօր միայն մենք չէ, որ կը փնտռենք, չունի՛նք Արամի տարողութեամբ ղեկավար: Համարեա ամբողջ աշխարհ կը տառապի ղեկավարով: Հաւանաբար որովհետեւ նաեւ ղեկավարի արդի հասկացողութեան չափանիշները փոխուած են: Անհատական ղեկավարութիւն ըմբռնումը իր տեղը զիջած է հաւաքական-մասնագիտական ղեկավարութիւն ձեւաչափին, հաստատութենական պետութեան համակարգով: Այսուհանդերձ, նոյն այդ հաստատութենական ու հաւաքական ձեւաչափին մէջ իսկ էական կը շարունակէ մնալ անհատ ղեկավարին բանալի դերակատարութիւնը: Օրինակ, Ֆրանսա այսօր չունի տը Կոլ, որ օրհասական ու ճակատագրական պահերու յաջողած է իր երկիրն ու ժողովուրդը առաջնորդել դէպի ապահով ելք, շրջանցել զինուորական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ճգնաժամեր: Պարագան առաւել կը շեշտուի անշուշտ յարաբերաբար փոքր պետութիւններու համար, բնականաբար նաեւ ու յատկապէս մեզի` հայութեա՛ն համար, որ կ՛ապրի դժուար պահեր` տարբեր ճակատներու վրայ միանգամայն:
Այո՛, յստակ է, որ այսօր ունինք ղեկավարութեան լուրջ խնդիր, հասարակական թէ պետական մակարդակի վրայ հաւասարապէս: Ելքը Արամի օրինակին հետեւիլն է, նոյնիսկ երբ գիտենք, որ դժուար թէ հասնինք անոր բարձունքին: Սակայն պիտի փորձենք, պէ՛տք է փորձենք: Այլընտրանք չկայ: Ղեկավարը, ինչպէս Արամը, առաջին հերթին պիտի սիրուի, պիտի ընդունուի ժողովուրդին կողմէ: Ան վստահութիւն պիտին ներշնչէ իր ժողովուրդին: Ղեկավարը, ինչպէս Արամը, պիտի ըլլայ անբասիր, ազնիւ, օրինակելի, միաժամանակ` առնական, մարտունակ ու մանաւանդ` քաղաքական ազգայի՛ն ուղեգիծի յառաջապահ: Ու տակաւին, ղեկավարը, ինչպէս Արամը, անգիր պիտի ճանչնայ իր հարազատ ժողովուրդը, պիտի քալէ անոր առջեւէն, պիտի իմանայ անոր ցաւերը, պէտքերը, հարցերը, պիտի զգայ ու ապրի անոր հետ, պիտի ամոքէ զանոնք, լուծում պիտի ապահովէ անոնց, պիտի երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը: Ժողովուրդը բնականօրէն ու արդարօրէն իր աչքերը կ՛ուղղէ իր ղեկավարութեան, իր ղեկավարին, որ պարտաւոր է ըլլայ իր կոչումին տէրը ու ականջ տալ ժողովուրդի ձայնին:
Ահա թէ ինչո՛ւ Արամ Մանուկեան կը հանդիսանայ ժամանակակից մեր պատմութեան անզուգական ղեկավարը: Ղեկավարներուն ղեկավարը, որ մեզի կտակեց ու ժառանգեց այսօրուան մեր բոլորիս փայփայած պետականութիւնը: Կը մնայ ամրապնդել այդ պետականութիւնը, որ կորիզն ու մեկնակէտն է մեր հայրենիքի ընդարձակման ու միա՛կ երաշխիքը` Ամբողջական Հայաստանի վերականգնման:
Փարիզ

