Մտորումներ` Մայրերու Ամսուան Առիթով. Հեզահամբոյր Մօր Կերպարին Դիմաց (Նուէր Հայտոսթեանին)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Գիտակի՞ց ենք այն իրողութեան, թէ իւրաքանչիւր անգամ որ հայ մօր կերպարի բարեմասնութիւններուն մասին սրտի խօսք կ՛ուզենք արձանագրել, երախտագէտի թէ շնորհակալ ըլլալու մեր զգացումները յայտնել, թանձրացեալ ու ալեհեր դարերու պատգամն է, որ կ՛ուրուագծուի մեր հոգեաշխարհի պաստառին վրայ: Կը յիշեցնէ, թէ` ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն` հայ մայրը, ոգեկան բարձրութեանց եւ ազգային ամենանուիրական զգացումներու շտեմարանն է: Մեր հաւաքական ապրումներուն, յոյզերուն, յիշողութեան եւ գիտակցութեան հարազատ արտայայտիչն է:
Հայ ընտանիքի գոյութեան, յարատեւութեան եւ պաշտպանուածութեան ամէնէն ամուր կռուանը կը հանդիսանայ:
Համամարդկային տեսլականներու առընթեր, ազգային վեհապանծ արժէքներու ջերմեռանդ ջատագովն է:
Հայոց պատմութեան, լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման առաջին դաստիարակն է:
Աւելի՛ն.
Անոր մարդասէրի ու քրիստոնէաշունչ հաւատամքին ընդառաջ` իրերայաջորդ սերունդներ արժանապատիւ ամպիոններ են նուաճեր:
Շնորհիւ հայ մօր համբերատարի ու հեզահամբոյր խառնուածքին` ազնուասիրտ ու նուիրեալ հաւաքականութիւններ են կազմաւորուեր:
Առաւելաբար անոր տոկունութեան, ներուժին, անխարդախ սիրոյն թէ անմնացորդ զոհողութեան իբրեւ արդիւնք, ինքնաճանաչութեան, հայրենապաշտութեան թէ ծառայասիրութեան գեղեցիկ ու ծաղկաւէտ անդաստաններու փառքեր են հիւսուեր:
Մայրական վարակիչ ուժին ընդմէջէն` ազգ մը ամբողջ արուեստի, գիտութեան, զարգացումի թէ հրաշափառ ստեղծագործութիւններու պայքար է մղեր:
Անոր կենսախայտ ժպիտին, իրաւութեամբ բաբախուն սրտին ու բիւրեղ հոգիին իբրեւ արտայայտութիւն, համայն մարդկութեան ծառայութեան կոչուած փաղանգներ ծնունդ են առեր:
Առանձնապէս, անոր պայծառ մտքին եւ օրհնաբեր ներկայութեան իբրեւ արդիւնք` ներշնչումի պահեր անպակաս են եղեր, վաղուց ի վեր:
Տիեզերական մեղեդիներու թէ անկրկնելի հրաշքի մը հայելին է հանդիսացեր ան, ուրկէ ցարդ կը շարունակուին ճառագայթել Անահիտ աստծոյն սիրոյ ու բերկրանքի ցոլքերը` իբրեւ աստուածահաճոյ տեսիլքի բոցավառ յայտնագործութիւններ:
Տակաւին, շատ ու շատ անգնահատելի մայրական արժանիքներ, որոնց դէմ յանդիման մարդ միայն կրնայ խոնարհիլ ու բարձրագոռ կրկնել հայոց Արարտապաշտ բանաստեղծին` Յովհաննէս Շիրազի այն վաւերական խօսքը, թէ` «Մեր տան մատուռն է մայրս»:
Յայտնապէս, կեանքի սրընթաց հոլովոյթի թէ ժամանակներու փոփոխութիւններուն զուգահեռ, հաւաքաբար տարակուսանք մը կ՛ապրինք, թէ արդեօք հայ մօր կերպարի ու դիմագիծի երանգաւորումներ ա՛լ բնական երեւոյթնե՞ր են, որոնց հանդէպ հարկ է նորովի ընկալումներ ցուցաբերել:
Այլ խօսքով, արդի կեանքի թելադրանքներէ մեկնած, ա՛լ պէտք է համոզուի՞լ եւ բնակա՞ն համարել, ինչպէս, օրինակ, խառն ամուսնութիւններու թէ օտարացումի խայտաբղէտ պատկերները, ներազգային կեանքի մէջ պատահած խառնափնթոր վիճակները, երբ հայ մայրը իր կամքով իսկ զաւակները կ՛առաջնորդէ օտար վարժարանի դռներ, հոնկէ հայցելով այսպէս ասած «քաղաքակիրթ ու արդի» ուսում եւ դաստիարակութիւն:
Ո՛չ, ի զուր կը փորձուի հայ մօր բիւրեղ դիմագիծի ու կերպարի աղաւաղումը, պարզապէս յագուրդ տալու օտարասէրի քանդիչ բնազդին, յեղյեղուկ առօրեայի եւ բարդոյթներով լեցուն կենցաղի մը համար:
Սիրելի՛ ու մեծարեալ մայր Նուէր Հայտոսթեան:
Ընդհանրապէս մայրերու ամսուան առիթով մեր մտորումներուն առանցքը հանդիսացած էք մօտէն ճանչնալով ձեր մայրական կերպարի բարեմասնութիւնները: Ճիշդ է, որ մեր գրութիւններուն մէջ խօսած ենք ձեր եզակի յատկութիւններուն մասին, առանց անունի նշումին, իբրեւ երկիւղածութեան երաշխիք, սակայն, կը կարծենք հասած է պահը` վեր առնելու եւ յիշատակելու ձեր մարդկային վերաբերումներուն գերազանց ազդուութիւնն ու օրինակելիութիւնը, իբրեւ հոգատարի, ազնուասիրտի, պայծառամիտի թէ անխոնջ նուիրեալի ստորոգելիներ, յանուն ներկայ ու հետագայ սերունդներու դաստիրակութեան եւ ինքնաճանաչումին:
Իրօք, հազուադէպ են այն պարագաները, երբ ականատես կ՛ըլլանք հայ մօր ամբողջական կերպարի ու շունչի ներկայութեան: Ասիկա, բնականաբար ժխտումը չէ երբեք այն գուրգուրանքին եւ հոգածութեան, զորս կը տածէ հայ մայրը առհասարակ:
Այդուհանդերձ, շեշտադրելին կը մնայ այն, որ, հակառակ ձեր յառաջացած տարիքին ու կեանքի պարտադրանքին, տակաւ կը շարունակէք առկայծ պահել ոչ միայն մայրական պարտաւորութիւններու խորհուրդը, այլ նաեւ` ականջալուր հանդիսանալ քրիստոնէական հաւատամքի ամէնէն վաւերական պատգամին` աղօթարարի եւ օրհնաբաշխի հասկացողութիւններուն, հանդէպ ձեր շրջապատին, սրտաբուխ եւ անանձնականօրէն:
Արդ,
Ինչպիսի՞ բացառութիւն տալ նման կենսախինդ ապրումներու եւ զգացումներու խայտանքին, որով կը յատկանշուիք դուք` ձեզ ճանչցող պատկառելի թիւով անհատներու իսկ վկայութեամբ:
Ո՞ւր պէտք է փնտռել նման շէնշող արժեչափերու առկայութեան կամ անոնց յարատեւութեան գաղտնիքը, եթէ ոչ հայ մօր կերպարի ու կոչումի նուիրական պատկերին մէջ, եւ որուն կերպարանափոխումով պիտի սասանին եւ այլասերին ազգերն անգամ:
Յիրաւի, բաւարար է յիշել մօտիկ անցեալի ձեր մասնակցութիւնը տարբեր դասախօսական երեկոներու, երբ լուռ ու գողտրիկ, բայց յարգանք պարտադրողի ներկայութեամբ մուտք կը գործէիք հանդիսասրահ, ինքնազարգացումի հրայրք մը ապրելու խոր գիտակցութեամբ:
Ա՛լ ինչ խօսք, գեղագէտի ու մշակութանուէրի արտայայտութիւն եղող իւրօրինակ բացիկներու ձեր կողմէ պատրաստութիւնը եւ անոնց յղումը զաւակներու, թոռներու, հարազատներու եւ բարեկամներու, ուր եւ նշելի կ՛ըլլան պատեհ առիթի մասին աստուածաշնչեան խօսքեր, մտքեր ու խորհրդածութիւններ:
Փաստօրէն, ձեռակերտ ու երփներանգ այդ բացիկները, միթէ ձեր ազնուական հոգեկերտուածքին արտայայտութիւնները չե՞ն, որոնցմով կ՛ուզէք մասնակից դառնալ ամբողջ շրջապատի մը ուրախութիւններուն, ցաւերուն, տրտունջքներուն եւ տուայտանքներուն, եւ իբրեւ բալասան կ՛ուզէք մէջբերել իմաստութեամբ թաթաւուն խօսքեր ու պատգամներ:
Ի՞նչն է, որ ձեզ կը մղէ քաջալերելու շրջապատի մը յաջողութիւնը, գուրգուրալու, սիրելու եւ ընդգծելու մեն մի մարդկային արժանիքի կարեւորութիւնը, եթէ ոչ պայծառամիտի այն յատկութիւնը, որով համակուած է ձեր ներաշխարհը, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումի իբրեւ արդիւնք:
Հապա՞ ընթերցասէրի եզակի ունակութիւնը եւ անոր ճամբով հայ մամուլի նկատմամբ ձեր ցուցաբերած խանդաղատանքը, ազգային հարցերուն մօտէն հետեւելու տրամադրութիւնն ու գիտակցութիւնը:
Ատենին, խոր յուզումով, ձեր դստեր` Եսթէր Քիլաղպեանէն իմացայ, թէ ինչպիսի՜ գուրգուրանք, հոգատարութիւն եւ սէր տածած էք հօրեղբօրորդի Ճոնի Հայտոսթեանին, աննման ու քաջարի այս երիտասարդին, որ կանուխ տարիքին կորսնցնելով հայրը, ապրած է իր հարազատներուն ջերմ հոգածութեան ներքոյ:
Իրօք, հաւատաւոր ու ազգանուէր երիտասարդ մը, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն զոհ կը դառնայ արձակազէնի մը փամփուշտին` խոր սուգի մատնելով ողջ գաղութը:
Սիրելի՛ մայր, վստահաբար տարիներու թաւալքին հետ միատեղ անպարագիծ է եղած ձեր ներաշխարհի խաղաղութիւնն ու իմաստութեան հանդէպ ձեր ունեցած խոր համոզումը, որով դաստիարակած էք ձեր զաւակներն ու անոնց ճամբով` շնորհալի թոռները:
Եւ այս բոլորի առընթեր, յիշարժան պիտի մնան ձեր օրհնաբաշխի եւ աղօթարարի առանձնայատկութիւնը, որով կը զատորոշուիք ձեր շրջապատէն արժանահաւատօրէն:
Թող այս անսեթեւեթ տողերը, ի խորոց սրտէ արձակուած յարգանքի մը արտայայտութիւնը ըլլան, ձեր բարի ժպիտին ու ներկայութեան որպէս երախտիք:

