Մայիս 28-ի Չափանիշներով

ԱԲՕ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Թշուառ հանրապետութիւն` տարագիրներով, ցեղասպանութենէ մազապուրծ գաղթականներով, պետական մեքենայ կառավարելու ոչ մէկ փորձառութիւն ունեցող գործիչներով մայիս 28, 1918-ին անկախացած հայկական առաջին հանրապետութիւնը ինչպէ՞ս բաղդատենք այսօրուան իրականութեան հետ:

Այո՛, այսօրուան Հայաստանի սահմաններուն մէջ տակաւին թշուառութիւն կայ, տակաւին կան գաղթականներ, որոնք շատոնց պէտք էր իրենց վրայէն թօթափած ըլլային օտարութեան ամէն տեսակի փոշի: Այստեղ համեմատութիւնը, բարեբախտաբար, յօգուտ ներկայ Հայաստանին է, սակայն նկատի առնելով առաջին երկու հանրապետութիւններու անկախութեան հռչակման նախապատմութիւնը` ապա այսօրուան Հայաստանին մէջ տիրող թշուառութեան համեմատութիւնը տակաւին անընդունելի մակարդակներու վրայ միայն կարելի է տեղաւորել:

Այո, հայկական յաղթական բանակը այսօր նոյն մարտունակ բանակն է, բայց` աւելի լաւ սպառազինութեամբ, աւելի հզօր հնարաւորութիւններով, աւելի ազգային նկարագիրով, աւելի պատրաստուած հրամանատարական կազմով,

Այո, այսօր ալ Հայաստանը երկու կողմէն աքցանուած է իր գոյութեան սպառնացող թշնամիներով,

Այո, այսօր պետութեան ղեկին են խորհրդային տարիներուն հասակ նետած եւ այդ այլասերող վարչակարգի բոլոր յոռի յատկանիշներով վարակուած պաշտօնեաներ: Այստեղ համեմատութիւն ընելն իսկ անկարելի է: Առաջին անկախութեան սերունդը անձնաւորող գործիչները ինքնազոհութեան, նուիրումի, հայրենասիրութեան, ժողովրդասիրութեան, արդարամտութեան այնպիսի բարձր չափանիշներ հաստատած են, այնպիսի բարձունքներ նուաճած, որ այսօրուան պետական գործիչները գաճաճներ կ՛երեւին անոնց համեմատ:

Ան, որ կը վիճի այս վերջին հաստատումին հետ, թող Նիկոլ Աղբալեանի հետեւեալ հարցը տայ Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան պետական պաշտօնեաներուն.

«®Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք` արդեօ՞ք աշխատել էք հայ ժողովրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը (Մանուկեան-«Ա.»), եղե՞լ էք այնքա՛ն անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովրդին, ինչպէս Արամը®»: Պատասխանները կրնաք կռահել ու արժեւորել:

«Ասպարէզ»

Share this Article
CATEGORIES