Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Անկախութեան Ուխտապահներուն Ճանապարհով

Հայ ժողովուրդ, սուտ են եւ անարժէք` քեզի
տրուած բոլոր խոստումները, եթէ ինքդ անզօր ես,
չունես ազգային իտէալ եւ իտէալիդ հասնելու
վճռական նպատակ:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի երկարամեայ մաքառումներու արգասիքը հանդիսացան Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի գոյամարտերը: Ազգովին ռազմաճակատ մեկնելու եւ մահու կենաց գոյութենական ինքնապաշտպանութեան դիմելու հայութեան մայիս 28-ի խոյանքը պատմականօրէն համազօր է գերմարդկային եւ դիւցազնական սխրանքի:

Քաղաքական եւ ռազմական անհաւասար ճակատումի այդ օրերուն, հայութեան մարտունակ ոգին մարմնաւորող Արամի, Ռուբէնի, Դրոյի եւ այլ յայտնի ու խոնարհ հերոսներու անձնուրացութեան եւ նուիրումին շնորհիւ կերտուած անկախութիւնը հիմն ու կորիզը պիտի հանդիսանար մերօրեայ պետականութեան:

Այսօր Մայիս 28-ի պատմական կենսափորձը մեզի փոխանցած է այն հիմնական ռազմաքաղաքական ուղին, որուն պէտք է հետեւի մեր պետականութիւնը:

Մայր հողի վրայ հայութեան գոյատեւելիութիւնը յաւերժացնելու ռազմավարական մեր գերխնդիրը 1918-ին կը կայանար տարանջատուած հայրենիքի տարածքներուն վերատիրանալու գրաւականը, որուն իրագործման համար երկու տարուան կարճ ժամանակահատուածին վիթխարի աշխատանք կատարուեցաւ, յատկապէ՛ս նուիրագործուեցաւ տարածաշրջանին մէջ իբրեւ ուրոյն պետական միաւոր Արեւմտահայաստանի տարածքներով միաւորուած Հայաստանի գոյութիւնը, զայն հաստատագրող Սեւրի վաւերաթուղթով: Սակայն քաղաքական դէպքերու անբաղձալի զարգացումներով տարբեր ճակատագիր վիճակուած էր հայութեան…

Իսկ վերանկախացման 20-ամեայ մերօրեայ հանգրուանին ռազմավարական մեր գերխնդիրը կը կայանայ այն հիմնական սկզբունքին մէջ, որ առանց Արցախի` Հայաստանը չի կրնար գոյատեւել իբրեւ կենսունակ ու ապահով պետութիւն, որովհետեւ Արցախի կորուստով կը կորսնցնէ նաեւ հարաւային սահմանապահ Սիւնիք-Զանգեզուրը եւ կը մխրճուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակապաշտութեան աքցանին մէջ:

Մայիս 28-ը այսօր հայ ժողովուրդին համար պէտք է վերածուի ազգային ինքնագիտակցութան վերազարթնումի ու վերամրագրումի գաղափարախօսութեան: 1918-ի մահու կենաց մայիսեան գուպարէն ետք վերընձիւղուած հայրենիքը, իր երկամեայ գոյութեան կարճ ժամանակահատուածով հանդերձ, ապագայ սերունդներուն կտակեց անկախութեան իմաստաւորման անժամանցելի դասերը, որ`

– Անկախութիւն կը նշանակէ` պետականութիւնը ամրապնդել ու ամրագրել պետականութեան անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչներով:

– Անկախութիւն կը նշանակէ` ժողովրդավարական լիարժէք պայմաններով օժտել երկրի պետական ու հասարակական համակարգը:

– Անկախութիւն կը նշանակէ` տարանջատուած պատմական հայրենիքի տարածքները համախմբել մէկ ու միասնական աշխարհագրական քարտէսի մէջ:

– Անկախութիւն կը նշանակէ` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համախումբ ու միասնական ջանքերով կերտել վաղուան նուաճումները:

Իսկ այդ ապագայ նուաճումներն ու յաղթանակները կ՛իրագործուին, երբ կը սնանինք պատմական մեր գոյամարտերու` սարդարապատներու եւ շուշիներու ակունքներէն, եւ երբ այլոց կողմէ մեր վրայ պարտադրուող քաղաքական տնօրինումներուն ու ճնշումներուն դիմաց Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեամբ անխորտակ ու ամրակուռ թումբ ու պատնէշ կը դառնանք:

 

Share this Article
CATEGORIES