«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Երկուքուկէս Տարուան Անկախութիւն, Որ Հայ Ժողովուրդի Ապագայի Խարիսխն Ու Փրկութիւնը Հանդիսացաւ

Հայոց պատմութեան ուղին ճակատագրականօրէն փոփոխութեան ենթարկող փայլուն թուականի մը տարեդարձը կը տօնենք այս օրերուն:

Հիասթափութեան ու յուսալքումի պայմաններու մէջ էր հայ ժողովուրդը` արեւմտահայութեան մեծ մասի թալանումով, Հայոց ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարի ետք, երբ գերմարդկային կամքով հակադրուեցաւ թրքական բանակին եւ իրարու ետեւէն կերտեց անկախութեան յաղթանակի յատկանիշ դարձած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի ճակատամարտերը:

Այսպէս կերտուեցաւ 95 տարիներ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. անկախութիւնը, որ յաջողեցաւ երկուքուկէս տարուան մէջ հիմը դնել մեր անկախ պետականութեան, դառնալ հայ ժողովուրդի ապագայի խարիսխն ու փրկութիւնը:

Մայիսեան անկախութեան 95-ամեակին նշումը զուգադիպեցաւ Հայաստանի նախագահական ու Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ անոնց հետեւած տագնապալի քաղաքական մթնոլորտին, որոնք հիասթափութիւն ստեղծեցին երիտասարդ թէ աւելի երէց սերունդներուն մօտ, տեսնելով հայրենի հայութեան ներքին բեւեռացումը` մէկ կողմէ իշխանամէտ եւ բարեկեցիկ, իսկ միւս կողմէ` ընդդիմադիր ու պահանջատէր:

Պարզ խօսք չէ ըսել, թէ ինչպէս 95 տարիներ առաջ քաղաքական կամք դրսեւորուեցաւ հայ ժողովուրդին կողմէ եւ անկախ պետականութիւն ստեղծուեցաւ, դարձեալ հիմա, ներկայ պահուս, այնքան անհրաժեշտ քաղաքական ճշմարիտ կամքի կարիքը կայ, որ արդար հիմերու վրայ պիտի շարունակէ ձեւաւորել հայկական ընկերութիւնը:

Հայ մարդ չկայ, որ չգիտակցի 95 տարիներ առաջ կերտուած անկախութեան արժէքին: Արամ Մանուկեանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան սիրոյն տարուած պայքարով կերտուեցան Սարդարապատի յաղթանակները: Հաստատ գիտենք բոլորս, թէ ի՛նչ եղած պիտի ըլլար մեր ապագան առանց այդ յաղթանակներուն: Ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութիւն, ո՛չ հայ ժողովուրդ, ո՛չ պետականութիւն, ո՛չ ալ սփիւռք կ՛ունենայինք, որովհետեւ տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայութիւնը Հայաստանի վերանկախացման երազով ապրեցաւ, ազնիւ գաղափարներ մշակեց   Հայաստանը ազատ եւ անկախ տեսնելու յոյսով միայն:

Եւ այդ յոյսերը վառ պահող ուժը միշտ ալ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եղաւ, որ հայ ժողովուրդին համար քաղաքական կամքի դրսեւորման վճռական բոլոր պահերուն եղած է ներկա՛յ ու վճռական, դիմագրաւելով բոլոր մարտահրաւէրները:

Բայց վտանգները չեն վերջացած: Մեր առջեւ կանգնած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայկական կեցուածքները, որ կը փորձեն հարուածել հայութեան միասնականութիւնը, կամ հեղինակազրկել ու ստորադասել հայկական պետութիւնն ու հայութեան արդար դատը: Սարդարապատեան ռազմաճակատները նոր յաղթանակներու կը սպասեն: Եւ այդ յաղթանակները ճաշակած ենք բազմիցս` Հայ դատի օրակարգէն ներս յաջողութիւններ արձանագրելով, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներ ապահովելով, պահանջատիրական-իրաւական հետեւանքները հետապնդելով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացումը եւ իրաւական ճանաչման նոր օրինակին ականատես դառնալով:

Անցած են 95 տարիներ 28 մայիս 1918-էն: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազատ ու անկախ է: Մեր երկիրը շատ երիտասարդ է որպէս անկախ պետութիւն. դեռ ճամբայ ունի կտրելիք արդար եւ ժողովրդավար ընկերութեան մը կայացման գործին վրայ: Բացի այդ, առկայ կը շարունակեն մնալ այնքան շատ մարտահրաւէրներ սփիւռքի եւ հայրենիքի, Ջաւախքի եւ Արեւմտահայաստանի մէջ` գերակայութեամբ Արցախի հիմնահարցի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման:

Մեր ներկայի ու ապագայ հրամայականները բանաձեւող, իրավիճակները բնութագրող հան- գրուաններու անդրադարձներ կը պարտադրեն տօնական թուականներու խմբագրական գրութիւնները: Մայիսեան անկախութեան 95-ամեակի այս պարագային կ՛արժէ առանձնացնել պարտուողական ոգին թօթափելու հայութեան վճռակամութեան կարեւոր ազդակը, որ եթէ 1918-ին ներազգային սարդարապատեան միասնականութեամբ ձեւաւորուեցաւ, ապա այս օրերուն ազգային պետականութեան հզօրացման եւ ազատ ու արդար ընկերութեան հաստատման սկզբունքներով յատկանշուած է:

Մենք կ՛երթանք յառաջ:

Share this Article
CATEGORIES