Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տօներուն Տօնը

Այդ օր, մայիս 28, 1918-ին հայութեան առջեւ ստեղծուած էր ծանրակշիռ կացութիւն: Լուրջ էր հարցը: Այնքան մը լուրջ եւ ծանրակշիռ, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆը կրնար բոլորովին ջնջուիլ քարտէսէն: Պարզ ու մեկին, «լինել չլինելու» կամ «մահ կամ ազատութեան» …գոյութեան մարտը` գոյամարտն էր որ պիտի մղուէր:

Կը տօնենք մեր պատմութեան մեծագոյն դարձակէտին, «Խենթերու գտած հնար»-ին, վերապրումի անժխտելի ու անձեռնմխելի խորհրդանիշ` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի ճակատամարտներուն 95-ամեակը:

Սակայն տեղին է հարց տալ: Քաջատեղեակ ըլլալով հայորդիի անզուգական մաքառումին, հաւաքական նուիրումին եւ անյողդողդ վճռակամութեան` արդե՞օք կարելի է դեռ համարել կապոյտ ու շողշողուն երկինքէն ինկած մայիսեան հրաշք:

Պատմութեան էջերը ցոյց կու տան, թէ կարճ էր այս անկախութեան տեւողութիւնը… հազիւ երեք տարի, սակայն եթէ պատմական այս սխրանքը իրագործուած չըլլար, այսօր դատապարտուած պիտի ըլլայինք պատմութեան անցած այլ երկիրներու ճա-կատագիրներուն նման եւ զրկուած պիտի ըլլայինք մեր հայրենիքէն:

Աւելի՛ն. այդ օրերուն Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութիւնը անկախ պետութեան գոյութեան կարճատեւ տարիներուն, շարունակ մնաց  պատերազմական մթնոլորտի մէջ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ուժերու դիմաց եւ ենթարկուեցաւ սահմաններու ընդարձակման եւ ապա փոքրացման:

Իսկ ամէնէն կարեւորը` պահպանելու համար հողամասը եւ անոր գոյութեան իմաստը, որպէս իր ժողովուրդին հայրենիքը, օրին նորաստեղծ  հանրապետութեան ղեկավարութիւնը նոյնիսկ

չզլացաւ զոհելու անոր անկախութիւնը… հետագային  քաղելու համար ներկայ օրերու պտուղները` Արցախի ազատագրում եւ անշուշտ սեպտեմբեր 21, 1991-ի վերանկախացում:

Պարզ է Մայիս 28-ի կտակն ու խորհուրդը: Եռագոյն դրօշը դարձեալ պիտի բարձրանայ, ծածանի հովին դիմաց, ինքն իր մէջ փաթթուելով ու ծածկուելով պիտի

վերանորոգէ ապագայ սերունդին յանձնառութիւնը, ուխտն ու հաւատքը:

Բազմիցս շեշտուած է եւ անգամ մը եւս տեղին է շեշտել, թէ մայիս 28-ի հիմնական արժէքը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անկախութիւն նուաճած, ապա զայն կորսնցուցած ու դարձեալ անոր վերատիրացած ժողովուրդ մը իրաւունք չունի բաւականացած զգալու այնքան ատեն որ տակաւին իր ձգտումներուն գերագոյն ձգտումը եղող, իր գոյութեան իմաստը հանդիսացող Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանը տակաւին չէ իրականացած: Հետեւաբար միայն անհրաժեշտ չէ ազատութեան եւ անկախութեան նուաճումը, այլ նաեւ նոյնքան կարեւոր է մնայուն ազատութեան եւ անկախութեան պահպանումը, զարգացումը, հզօրացումը, ամրապնդումը եւ յաւիտենականացումը:

Տօներուն տօնն է 95-ամեայ հրաշքին` մայիս 28-ին:

Share this Article
CATEGORIES