Գերմանական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Շթութկարթ Աւարտական
Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, իրարու դէմ պիտի հանէ Պայէրն Միւնիխը եւ Շթութկարթը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«Պունտըսլիկա»-ի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսներուն տիրացած Պայէրն պիտի փորձէ հեթրիք մը իրագործել` տիրանալով այս տիտղոսին եւս:
CATEGORIES Մարզական

