Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան Յետմահու Ի Պատուի
Ուրբաթ, 31 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Լիբանանի «Բժիշկի տուն» սենտիքայի կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ երկօրեայ համագումարի մը` «Սննդականոնային խանգարումներու ներկայ վիճակն ու առաջարկի հեռանկարներ» նիւթով: Համագումարը կազմակերպուած էր Լիբանանեան եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարաններու հոգեբուժական ամպիոններուն կողմէ:
Բացման հանդիսութեան պատշաճ խօսքերէն ետք, նախքան համագումարի աշխատանքներուն սկսիլը կազմակերպիչ մարմինին կողմէ յայտարարուեցաւ, թէ այս առիթով որոշած են պատուել Լիբանանի հոգեբուժութեան հսկաներէն տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեանը:
Տոքթ. Մանուկեանի հակիրճ կենսագրականին մէջ յիշատակուեցաւ, թէ ան ծնած է Խարբերդ` 1910-ին, ապա հաստատուած է Լիբանան եւ բժշկական վկայական ստացած Լիբանանեան համալսարանէն` 1935-ին, հետագային մասնագիտացած է Սկովտիա եւ Էտինպրայի համալսարանէն վկայուած իբրեւ մասնագէտ հոգեբուժ` 1949-ին:
1956-1982 տարիներուն տնօրէն է Լիբանանեան հոգեբուժարանին, ուր կը յաճախէին նաեւ Լիբանանեան համալսարանի հոգեբանական բաժանմունքի ուսանողները:
1970-ին եւ 1993-ին պարգեւատրուած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, իսկ 2003-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսէն:
Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեանի ի պատիւ յուշատախտակ մը ստանձնեց իր թոռը` տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան, որ այս առիթով շնորհակալական խօսք մը ուղղեց ներկաներուն:
Տեղին է յիշել, որ տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան իբրեւ Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ մաս կազմած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին 1972-1992 տարիներուն` իբրեւ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ: Ան լիբանանեան խորհրդարանին մէջ ունեցած է նաեւ բեղուն գործունէութիւն:

