«Սիւրֆաս Լիպր» Ցուցասրահին Մէջ. Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանի «Տը Սփիրիթց» Գիրքի Շնորհահանդէս
Երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ժել էլ Տիպի «Սիւրֆաս լիպր» ցուցասրահի բացօթեայ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանի «Տը Սփիրիթց» գիրքի շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ մեծ թիւով ընթերցասէրներու եւ հարազատներու:
Այս առիթով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Անի Տիլսիզեան, ապա հրաւիրեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը` իր սրտի խօսքը ըսելու: Վեր. Փոլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց հեղինակը եւ բոլոր անոնք, որոնք նպաստեցին այս գիրքի հրատարակման յաջողութեան:
Ան յայտնեց, որ գիրքը ուշադիր կերպով ընթերցելէն ետք մտածած է Ս. Օգոստինոսի մէկ խօսքին մասին, որ կ՛ըսէ. «Մեր սրտերը կը մնան անհանդարտ, մինչեւ որ քու մէջդ գտնեն հանգստութիւնը»:
Անշուշտ Ս. Օգոստինոս կը խօսի Աստուծոյ մասին, բայց այս խօսքը լաւագոյն կերպով կը ներկայացնէ այս գիրքին բովանդակութիւնը:
Վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ այս գիրքը մտածել տուաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, գոյութեան մասին: Մարդիկ իրենց կեանքին մէջ կը փնտռեն իրենց տունը, կը փնտռեն իմաստը պատմութեան մէջ, պատկանելիութիւն, յաւիտենականութիւն, եւ կը հանգչին, երբ իրենց հոգին կը միանայ իրենց ստեղծիչին:
«Տը Սփիրիթց» գիրքը մեզի կը յիշեցնէ մեր պատմութիւնը, մեր փորձառութիւնը: Նաեւ ճամբորդութիւն մը` լեռներու ու ձորերու միջեւ. կայ փնտռտուք, հոգիները կը փնտռեն զիրար եւ հանգիստի վայր մը: Վեր. Հայտոսթեան նաեւ ըսաւ, որ գիրքին մէջ 1918-ին հոգիները հանգչեցան, բայց մենք մեր պատմութենէն գիտենք, որ դարձեալ փոթորկեցան մեր հոգիները, ետ խաղաղեցան, ապա դարձեալ փոթորկեցան եւ մինչեւ օրս հոգիները խաղաղ չեն:
«Այս է մեր պատմութիւնը», յայտնեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Գիրքը կը ներկայացնէ մեր պանդխտութիւնը եւ յոյսը խաղաղ օրերուն` շեշտելով, որ երբ թռիչքը, յոյսը մարի, կեանքը կը դադրի:
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի հոգեբանութեան դասախօս Սարար Մաալուֆ:
Ան իր խօսքի առաջին բաժինով անդրադարձաւ մարդ անհատի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ թէ ինչպէ՛ս կը յաղթահարէ այդ բոլորը եւ դուրս կու գայ դժուար կացութիւններէ, եւ կարեւորը յաղթահարելէ ետք վերապրիլն է, նոր կեանք ստեղծելը եւ յոյսով ապրիլը: Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանի «Տը Սփիրիթց» գիրքը հեղինակին ապրած կեանքին եւ հայ ժողովուրդի վերապրումին մէկ արտայայտութիւնն է:
Սարար Մաալուֆ ըսաւ, որ գիրքը թէեւ երեխաներու համար է, բայց մեծերն ալ մեծ հաճոյքով կրնան կարդալ եւ ներշնչուիլ անկէ:
«Հոգիները չհանգչեցան, մինչեւ որ իրենց պարտականութիւնը կատարեցին, ապա հետեւելով լոյսին հասան իրենց հանգստավայրը. այս երեւոյթը ինքնին հայ ժողովուրդին նկարագիրը կը կազմէ: Հաւատքը, յոյսը եւ յարատեւութիւնը», ընդգծեց Մաալուֆ:
Շնորհահանդէսին նաեւ խօսք առաւ գիրքի պատկերազարդումը կատարած ծանօթ գեղանկարիչ Մարալ Փանոսեան:
Փանոսեան շեշտեց, որ «յաճախ կը խօսինք նոր սերունդի անտարբերութեան մասին` արուեստի եւ այլ արժէքներու նկատմամբ, բայց ես համաձայն չեմ այս եզրակացութեան»:
«Իմ կարծիքովս, նոր սերունդը պատրաստ է նոր գաղափարներ լսելու, կը նմանի սպունգի եւ կ՛ընկալէ որեւէ հետաքրքրական նորութիւն. հարցումը այն է, թէ մենք պատրա՞ստ ենք իրենց ծարաւը յագեցնելու, ունի՞նք այդ արթնութիւնը` ստեղծելու հետաքրքրական աշխարհ մը իրենց համար», նկատել տուաւ Մարալ Փանոսեան` աւելցնելով, որ պէտք չէ մոռնալ, որ այսօրուան սերունդը վաղուան ղեկավարներն են եւ պէտք է զիրենք մասնակից դարձնենք ամէն տեսակի աշխատանքներու` դաստիարակելով եւ ապրեցնելով զիրենք ստեղծագործ աշխարհի մը մէջ:
Փանոսեան հեղինակին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ գործակցեցար ինծի պէս «խենթ»-ի մը հետ, «խենթ» մը, որ կը հաւատայ կրթութեան, ստեղծագործելու, արուեստագէտ մը, որ միշտ կը հետեւի իր ներքին ձայնին, եւ կ՛աղօթեմ, որ քու նմաններդ շատնան»:
Վերջապէս, խօսք առաւ «Տը Սփիրիթց» գիրքի հեղինակ Թամար Աբովեան-Խանճիհանեան, որ յայտնեց, թէ «ի զուր չէ, որ Աստուած ինծի 2 կեանք պարգեւեց. ան շատ լաւ գիտէր, որ ես պէտք է իմ զաւկիս` Բիւրակին հետ ըլլայի, որ կարիք ունէր ինծի, ինչպէս նաեւ ընտանիքս: Այս փորձառութենէն ես մէկ բան սորվեցայ` մարդ կը յաղթահարէ կեանքի դժուարութիւնները, երբ կը սիրէ կեանքը, եւ երբ իմաստ կու տայ այդ կեանքին, ու կ՛ուզէ իրագործում մը ընել»:
Թամար Աբովեան-Խանճիհանեան յայտնեց, որ այդ վայրկեանին ինք անդրադարձած է, որ պէտք է ապրի երեխայի մը սրտին մէջ` իր գիրքերուն ընդմէջէն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, իր ընտանիքին անդամներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան իրենց քաջալերանքով: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց առանձնաբար այն բոլորին, որոնք նպաստեցին այս գիրքի իրագործումին եւ յաջողութեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը:

