ՀՅԴ ԶՈՄ. Հրատարակութիւններու, Քարոզչական Իրերու Եւ Արխիւներու Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, հինգշաբթի, 30 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԶՈՄ-ի պատմութեան ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութիւններու, քարոզչական իրերու եւ արխիւներու ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին ներկայ էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Միութեան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Արազ Գոճայեան, որ նշելէ ետք Հայ դատի հոլովոյթին մէջ ԶՈՄ-ի ներդրումը, ամփոփ ձեւով ներկայացուց հրատարակութիւններուն ժամանակագրութիւնը: Ան ըսաւ, որ ներկայիս «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսնող «Զաւարեանական էջ»-ին կողքին, որ սկսած է 1944 թուականէն ի վեր, ԶՈՄ ունեցած է նաեւ «Պրակ»-ը, «Մեհեան»-ը, «Խռովք»-ը, ինչպէս նաեւ «Զաւարեան Ռիվիու», «Մայնորիթիզ ին Թըրքի», «Քատիյյա ուա մաուքաֆ» եւ այլ օտարալեզու հրատարակութիւններ: Ասոնց կողքին ԶՈՄ-ը ունի իր մատենաշարը, ըսաւ ան, եւ մօտ օրէն պիտի հրատարակէ Աշոտ Ներսիսեանի աշխատութեամբ «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան» երկրորդ հատորը:
Հանդիսութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը, որ գնահատեց միութեան այս նախաձեռնութիւնը: Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը կը հանդիսանայ այն թթխմորը, որուն շնորհիւ ՀՅԴ-ի զինանշանին գրիչը կը մնայ վառ, որովհետեւ ներկայ պայմաններուն մէջ միութիւնը ունի մեծ պատասխանատուութիւն, որպէսզի յաջորդող սերունդները չկորսնցնեն իրենց հայկականութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը ուժ է եւ ԶՈՄ-ը տակաւին շատ տալիք ունի գաղութին, որ արդէն իսկ հաւատալով անոր առաքելութեան, ունի դրական ակնկալիքներ զաւարեանականներէն:
Բացման հանդիսութենէն ետք ներկաները իրենց հետ տարին ԶՈՄ-ի մատենաշարին թուայնացած տարբերակը, որ կարելի է գտնել նաեւ www.zavarian.org կայքին մէջ:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց մնաց նաեւ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի նաեւ շաբաթ, 1 յունիսին` առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան ժամը 1:00, իսկ երկուշաբթի օրը` առաւօտեան ժամը 10:00-էն յետմիջօրէի ժամը 3:00: Կիրակի օր փակ է:

