Մայիսեան Յաղթանակներուն Առիթով` Ժողովրդային Բազմամարդ Փառատօն
Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից գտնուող շէնքերու կառատան մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային բազմամարդ փառատօն` մայիսեան յաղթանակներուն առիթով:
Ժողովրդային փառատօնին բացման խօսքը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին անունով արտասանեց Նանար Սարգիսեան, որ ընդգծեց, թէ մայիս ամիսը մեր պատմութեան էջերուն մէջ, հին ու նոր, բայց միշտ վսեմ յաղթանակներու ամիս է, իսկ մեր թշնամիներու աչքին` անպարտելի փուշ:
«Այնքան ատեն որ հայը տակաւին կառչած է իր սուրբ հայրենիքին ու եռագոյնին, կը մնայ ու կ՛ապրի նաեւ, այս բոլորին զուգահեռ, անպարտ բռունցք մը, անխորտակելի կամք մը, անկեղծ զինուոր մը, որ կը կոչուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն», ըսաւ Սարգիսեան` աւելցնելով, որ հայութիւնը որքան ալ նեղ ու դժուար պայմաններու մէջ գտնուի, երբ վերագտնէ ինքզինք, դարձեալ արժանավայել ձեւով պիտի նշէ մայիս 28-ը:
Բացման խօսքէն ետք ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Անժելինա Սարգիսեան:
Օրուան պատգամաբերն էր «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ այն պատերազմներուն, որոնց ընթացքին հայ ժողովուրդը պարտուած է զինուորապէս, ինչպէս` Վարդանանց պատերազմը, սակայն երկար շունչի վրայ հայութիւնը յաղթած է` պահելով իր ինքնուրոյնութիւնը եւ ազատութիւնը: Ան նշեց, որ այսօր Հայաստան ներխուժած շատ մը ազգեր գոյութիւն չունին արդէն:
Ապա Կիտանեան ըսաւ, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն հազիւ 3 տարի ետք «խենթեր» կերտեցին Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը: Ան վեր առաւ ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան հոլովոյթին մէջ` նշելով, որ 1991-ին իր անկախութիւնը վերականգնելով հայ ժողովուրդը շատ բան կը պարտի 1918-ի անկախութեան:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն ընթացքին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Սերոբ Յակոբեան, Սագօ Թաշճեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Լուսին Տեմիրճեան եւ Ալիս Իփրաճեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:




