Արձագանգ
ԱԼԻՍ ՕՀԱՆԵԱՆ
Ուրբաթ, 17 մայիսին ներկայ եղայ «Ազդակ»-ի խմբագրատան «Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակի եւ «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակի բացման հանդիսութեան: Ձեռնարկին մթնոլորտը, արտասանուած խօսքերը եւ նուիրատու ընտանիքին ազնիւ գործը մղեցին զիս անպայման գրաւոր իմ գոհունակութիւնս յայտնելու եւ շնորհաւորելու Չաղլասեան ընտանիքը եւ «Ազդակ»-ի ընտանիքը:
Այս օրերու դժուար պայմանները բնականաբար իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան ազգային հաստատութիւններուն, դպրոցներուն եւ մամուլին վրայ: Նման ազնիւ քաջալերանքները շատ անհրաժեշտ են եւ օրինակելի, որպէսզի շարունակուին եւ զարգանան մեր ազգային կառոյցներու աշխատանքները:
Վարձքը կատար Չաղլասեան ընտանիքին, որ թէ՛ իր հարազատներուն յիշատակը անմար պահեց եւ թէ՛ քաջալերեց հայ մամուլը:
CATEGORIES Անդրադարձ

