«Ներկայիս Սուրիոյ Տագնապին Շուրջ Որոշումի Մը Լաւագոյն Առիթը Ռուսիոյ Ղեկավարութեամբ Դիւանագիտական Նախաձեռնութիւն Մըն Է» Կ՛ըսէ Պարաք
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք համոզում յայտնեց, որ «Սուրիոյ շուրջ դիւրին լուծումներ գոյութիւն չունին»` թուելով «սուրիական տագնապին լուծման գծով ընտրանքներ, ներառեալ` զինուորական լուծումը»:
Պարաք բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց, որ «ներկայիս սուրիական տագնապին շուրջ յաջող որոշումի մը լաւագոյն առիթը Ռուսիոյ ղեկավարութեամբ դիւանագիտական նախաձեռնութիւն մըն է»: Ան ըսաւ, որ «Քրեմլին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հեռացնելու կամ առնուազն բախումները դադրեցնել համոզելու բաւարար ազդեցութիւնը ունի»` նշելով, որ «ռուսերը անցնող չորս տասնամեակներուն ընթացքին Ասատ ընտանիքին մօտ քաղաքական եւ զինուորական մարզերուն մէջ մեծ ներդրումներ կատարեցին»:
Պարաք յայտնեց, որ «ռուսական ղեկավարութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ Ասատի վարչակարգը ի վերջոյ վերջ պիտի գտնէ»: «Պէտք է Ռուսիան համոզել, որ ղեկավարէ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ջանքերը` նկատի ունենալով, որ անիկա միջազգային կարեւոր ուժ մըն է, եւ պէտք է անոր շահերն ու տեսակէտները լրջութեամբ նկատի առնուին»:
Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպան Սայետ Մահմուտ Ռիտա Սաժատի յայտնեց, որ իր երկիրը մտադիր է սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման միջազգային ժողովին մասնակցիլ, եթէ այդ ուղղութեամբ հրաւէր մը ստանայ: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սաժատի ըսած է, որ «եթէ Իրան խորհրդաժողովին մասնակցութեան հրաւէր ստանայ, ապա անկասկած պատրաստ է ազդու կերպով մասնակցելու սուրիական տագնապի լուծման շուրջ բանակցային հոլովոյթին, սակայն մինչեւ հիմա այդ ուղղութեամբ պաշտօնական հրաւէր մը չէ ստացած»:
Սուրիոյ Շուրջ 5 Յունիսի
Խորհրդակցական Հանդիպումը
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով 5 յունիսին Ժընեւի մէջ նախատեսուած Սուրիոյ շուրջ խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին պիտի ներկայացնէ Ռուսիան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուենտի Շըրմըն եւ արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերով օգնական Էլիզապեթ Ճոնզ այդ հանդիպումին ընթացքին պիտի ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները:
Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մամլոյ գրասենեակը իր կարգին յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով օգնական Ճեֆրի Ֆելթման եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ու Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի պիտի մասնակցին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի պատրաստութեան Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ եռակողմանի հանդիպումին:
«Էս-300» Հակաօդային
Պաշտպանութեան Համակարգի Հարց
Իսրայէլեան բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ «հաւանական է, որ «Էս-300» հրթիռներու համակարգի բաղադրիչ մասեր Սուրիա հասած ըլլան, սակայն տակաւին մարտական պատրաստութեան հանգրուան մուտք գործելէ հեռու են»:
Ուաշինկթընի մէջ լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ օրաթերթին յայտնեցին, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տակաւին հրթիռային համակարգերը չստացաւ», իսկ Մոսկուայի մէջ պատասխանատու աղբիւր մը նշեց, որ «Ռուսիա համակարգերը տակաւին Դամասկոսի չէ փոխանցած», սակայն չբացառեց, որ ատոր կարգ մը բաղադրիչ մասերը Սուրիա հասած ըլլան: Աղբիւրները աւելցուցին, որ «Մոսկուա համաձայնագիրը ամբողջացնելու որոշումը տուաւ Սուրիոյ սահմանին մօտ թրքական հողամասերու վրայ ամերիկեան «Փաթրիոթ» հրթիռներու տեղակայումէն ետք»:
Ռուսական զինուորական ճարտարարուեստի մարզէն աղբիւր մը ռուսական «Վետիոմոսթի» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց համակարգերուն Սուրիա հասնելուն լուրը` նշելով, որ «մինչեւ հիմա այդպիսի բան տեղի չունեցաւ, եւ յստակ չէ, եթէ այդ արտածումը մինչեւ այս տարուան աւարտը տեղի պիտի ունենայ»:
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական զինուորական ճարտարարուեստի մարզէն աղբիւր մը յայտնած է, որ անհաւանական է, որ Մոսկուա «Էս-300»-ները աշունէն առաջ յանձնէ` ընդգծելով, որ «արեւմտեան կառավարութիւնները մտահոգած զէնքերու յանձնման ժամկէտը կախեալ պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացումներէն»:
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը իր կարգին` վկայակոչելով զինուորական արհեստագիտական համագործակցութեան մարմինի մօտիկ աղբիւր մը հաղորդեց, որ կը ծրագրուի յառաջիկայ տարուան երկրորդ քառամսեակին ընթացքին «Էս-300»-ի 6 համակարգեր Սուրիա ուղարկել:
Նեթանիահու Փութինը Զգուշացուցած Է,
Որ Իսրայէլ Պիտի Հարուածէ «Էս-300»-ները,
Եթէ Անոնք Սուրիա Հասնին
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վեց շաբաթ առաջ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերջինիս փոխանցած է այն խիստ պատգամը, թէ Իսրայէլ մտադիր է ռուսական «Էս-300» համակարգերը հարուածել, եթէ անոնք Սուրիա հասնին` նախքան անոնց մարտական պատրաստ վիճակի մէջ դրուիլը:
Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ նշեցին, որ Նեթանիահու տեղեակ էր, որ այդ համակարգերէն կարգ մը բաժիններ Սուրիա հասած են:
Աղբիւրները աւելցուցին, որ «Ռուսիոյ նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռանալուն եւ այդ քայլին շրջանի ապահովութեան վրայ ունենալիք ազդեցութեան առնչութեամբ, սակայն Նեթանիահու վստահեցուցած է, որ Իսրայէլ աւելի մտահոգ է արդիական զէնքերու Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի փոխանցումէն: Փութին պատասխանած է ըսելով, որ Իսրայէլ պիտի կարենայ այդպիսի զէնքերով բեռնուած բեռնակառքերը հարուածել, երբ մուտք գործեն լիբանանեան սահմաններ` Սուրիոյ հետ կացութեան մագլցումէն զգուշանալու համար: Փութին Նեթանիահուի բացատրած է, որ ինք ստիպուած է համաձայնագիրը ամբողջացնել»:
Դիւանագիտական աղբիւրները յայտնեցին, որ «համակարգերը հարուածելու Նեթանիահուի սպառնալիքը կրնայ Փութինի համար պատրուակ ծառայել համաձայնագիրի գործադրութենէն ետդարձ կատարելու»:
Ռուսիոյ նախագահի արտաքին հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքով երէկ յայտարարեց. «Սուրիոյ հետ գոյութիւն ունեցող զէնքի համաձայնագիրները պիտի իրագործենք»` նշելով, որ «ընդդիմութիւնը զինելու եւրոպական կեցուածքը խաղաղութեան խորհրդաժողովին չի նպաստեր»: Ան աւելցուց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին զէնքեր մատակարարելու նոր համաձայնագիրներ պիտի չստորագրենք»:
Ռուսիա Սուրիոյ «Միկ-29»-ներ
Պիտի Մատակարարէ
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ ռուսական օդանաւաշինութեան «Միկ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Սերկէյ Քորոթքով յայտնած է, որ ընկերութիւնը յոյս ունի Սուրիոյ օդուժին մատակարարել «Միկ-29»-ներ: «Ներկայիս Սուրիոյ պատուիրակութիւնը կը գտնուի Մոսկուա: Կը քննարկուին մատակարարման վերաբերեալ հաւանական համաձայնագիրի մանրամասնութիւններն ու կատարման ժամկէտները», ըսած է Քորոթքով: Կործանիչներու ընդհանուր թիւը չի նշուիր, սակայն յայտնի է, որ անոնք 10-էն աւելի են:
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի, Ռուսիա արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրի մը հիմամբ այդ կործանիչները Սուրիոյ պիտի մատակարարէ:
Այլ Լուրեր
Թրքական օրաթերթեր հաղորդեցին, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը Ատանայի եւ Մերսինի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի 12 անդամներ ձերբակալելով ձախողութեան մատնած է Ատանայի մէջ ականահարում մը կատարելու անոնց ծրագիրը: Թրքական ապահովական մարմինները անոնց մօտ յայտնաբերած էին երկու քիլոկրամ «Սարին» կազ, շարք մը ատրճանակներ եւ ձեռնառումբեր, փամփուշտներ եւ փաստաթուղթեր: Հինգշաբթի օր ձերբակալեալներէն 5-ը հետագային ազատ արձակուած են:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները համաձայնութիւն գոյացուցած են Ժապհաթ Նուսրան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ ներառելու շուրջ:


