Ըստ Կազայի Կառավարութենէն Նախարարի Մը. Էրտողանի Կազա Այցելութիւնը Քաղաքական Շրջափակումը Պիտի Խզէ

Աթալլա Ապու Սապահ

Կազայի կառավարութեան մէջ գերիներու հարցերով նախարար Աթալլա Ապու Սապահ յայտնեց, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Կազա այցելութիւնը այդտեղի կառավարութեան դէմ հաստատուած քաղաքական շրջափակման խզումին պէս պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ պիտի ամրապնդէ դիմադրութիւնը եւ պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը»:

Ապու Սապահ նշեց, որ «այն պնդումը, թէ Իսրայէլ Կազայի շրջափակումը վերացուց, ճիշդ չէ, եւ Էրտողան իր այցելութեան ընթացքին Կազայի դէմ հաստատուած Իսրայէլի օդային, ծովային եւ ցամաքային շրջափակման տգեղ երեսը պիտի տեսնէ»:

Share this Article
CATEGORIES