Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ ինք կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` աւելցնելով, որ այդ քայլը արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ ունի:
ՈՒԱՏԻ Խալետի շրջանին մէջ 12 հրթիռներ ինկած են` իբրեւ հետեւանք Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տիրող ճակատամարտներուն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ այս հանգրուանին երկրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը խենթութիւն է:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել լաւատեսութիւն յայտնեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն առումով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քուսէյրի մէջ 11 հազար իսլամ արմատականներ կը գտնուին, որոնցմէ 2 հազարը Թրիփոլիէն են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը յուսալքիչ է` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն մէջ այդ թուականը ժողովրդավարութեան հաշուոյն սեւ օր մը պիտի ըլլայ:
ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ «Ղատ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Հըզպալլայի արաբական հարցերու պատասխանատու Հասան Իզզէտտին շեշտեց, որ Հըզպալլա որեւէ պահու իսրայէլեան նոր ներխուժում կ՛ակնկալէ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Քարամ շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող թիւրիմացութիւնները ժամանակաւոր են եւ սահմանափակ:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատասխանատու մը «Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է լիբանանեան խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նամակ մը յղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` անոր փոխանցելու համար, որ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնը օգտակար պիտի չըլլայ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ Հըզպալլայի միջամուխ դառնալու իրականութիւնը երկրին մէջ յարանուանական լարուածութիւնը կը սրէ:

