«Ռաշիտ Քարամէ Իր Ազգային Յառաջապահի Դերակատարութեամբ Պիտի Գոյատեւէ Լիբանանցիներուն Յիշողութեան Մէջ» Շեշտեց Միւֆթի Քապպանի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 26-ամեակին:

Միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ Ռաշիտ Քարամէ ազգային ղեկավար էր` շեշտելով, որ ան իր յառաջապահի դերակատարութեամբ պիտի գոյատեւէ լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ:

Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց, որ Ռաշիտ Քարամէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին աշխատած է ամրապնդել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը` աւելցնելով, որ այսօր Լիբանան անոր քաղաքական եւ ազգային իմաստութեան կը կարօտի:

Նշենք, որ Քարամէի նահատակութեան 26-ամեակին առիթով նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ այսօր կէսօրէ առաջ պիտի արտասանէ խօսք մը:

 

Share this Article
CATEGORIES