«Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Պետական Անկարողութիւնը Յաղթահարելու Միջո՞ց Է, Թէ՞ Անկարողութեան Երկարաձգում» Հարց Տուաւ Հ. Հիւսէյնի

Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ հարց տուաւ, որ արդեօք խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պետական անկարողութիւնը յաղթահարելու միջո՞ց է, թէ՞ անկարողութեան երկարաձգում:

Հիւսէյնի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին հիմնական պատճառը ապահովական ապակայունութիւնը չէ, այլ այն իրականութիւնը, որ պետական վարչակարգը արդէն իսկ չի գործեր:

Հիւսէյնի երկրին քաղաքական ղեկավարութիւններուն կոչ ուղղեց այս նպատակով ազգային խորհրդակցութիւններ կատարելու:

 

Share this Article
CATEGORIES