«Հըզպալլա Դիմադրութիւն Է, Այնքան Ատեն Որ Լիբանան Բռնագրաւուած Է Եւ Սպառնալիքներու Ենթակայ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ ներկայ կացութիւնը շարունակել հրաժարած եւ անպատասխանատու կառավարութեամբ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Հըզպալլա Դիմադրութիւն է, այնքան ատեն որ Լիբանան բռնագրաւուած է եւ սպառնալիքներու ենթակայ, «իսկ Սուրիոյ տագնապին անոր միջամտութիւնը այս իրականութենէն ոչինչ կը փոխէ», աւելցուց ան:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց նաեւ, որ երկրին մէջ տիրող պայմաններուն պատճառները պարտադրեցին, որ խորհրդարանը իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգէ` խուսափելու համար անիշխանութենէն:
Սալամ աւելցուց, որ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքները զգալի են` նկատել տալով միաժամանակ, որ մեծ պետութիւնները հրաւիրուած են Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու եւ վերջ տալու զինուորական լուծման, որ փաստած է իր ապարդիւն ըլլալու իրականութիւնը:


