Միքաթի Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Ֆլեչըր եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Ֆլեչըր յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին բարդացումով յառաջիկայ ամիս Լիբանանի մէջ պիտի տիրէ ճակատագրական մթնոլորտ, ինչ որ պիտի ըլլայ առիթ մը` իսկական երկխօսութեան մասին մտածելու:

Ֆլեչըր շեշտեց, որ ցաւալի է այն իրականութիւնը, որ Իրան լիբանանցի տղաք մահուան ուղիին վրայ զետեղէ` Սուրիոյ նախագահ Ասատի սիրոյն:

Միքաթիի այցելեց նաեւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարելիութիւնները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, որ հրաժարեալ վարչապետին հետ քննարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու մասին իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ. քննարկուեցաւ երկրին դրամական իրավիճակը:

 

Share this Article
CATEGORIES