Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Աշխատանքի Եւ Երկրագործութեան Նախարարները

Նախագահ Սլէյման եւ Ժրայսաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ անջատաբար ընդունեց աշխատանքի եւ երկրագործութեան նախարարներ Սելիմ Ժրայսաթին եւ Հիւսէյն Հաժ Հասանը, որոնց հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ընտրական քաղաքականութիւնները, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկու նախարարութիւնները յուզող խնդիրներ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Սելիմ Ազարը, որուն հետ քննարկեց օրինական եւ սահմանադրական թղթածրարները:

Share this Article
CATEGORIES