Խորհրդարանը 17 Ամիսով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը. Արտակարգ Նստաշրջանը Պիտի Տեւէ Մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2014
Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին գումարեց իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին իր պաշտօնավարութիւնը 17 ամիսով երկարաձգեց:
Լիագումար նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները, իսկ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուեցաւ 97 ներկայ երեսփոխաններով, որոնք բոլորն ալ թեր քուէարկեցին այդ որոշումին:
Խորհրդարանի կեանքը արտակարգ նստաշրջանով մինչեւ 20 նոյեմբեր 2014 երկարաձգելու որոշումը անմիջապէս վաւերացուեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:
Աւելի ուշ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, ի դերեւ հանելով խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը վիճարկելու հաւանականութիւնները, իր կարգին վաւերացուց երկարաձգումը:
Նիստէն ետք Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները լիագումար նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին, սակայն իրենք ներկայ են, որովհետեւ համոզուած են, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմը կանխարգիլելու նպատակով է:
Ֆրենժիէ աւելցուց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարման շրջանի երկարաձգումը, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իրենք կը մնան զօր. Աունի դաշնակիցները երէկ, այսօր եւ ապագային, սակայն այս նիստին մասնակցութեան առումով տարակարծիք գտնուած են:
Նիստէն ետք Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ իրենք այդ որոշումը ստիպողաբար տուած են` կանխարգիլելու համար երկրին մէջ ստեղծուելիք հաւանական անիշխանութիւնն ու ապահովական խախտումները:
«Հետեւաբար, մեր գնահատանքով այս քայլը երկրին փրկութեան քայլը կը նկատուի», ըսաւ Սինիորա:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է առանց ժամանակ կորսնցնելու վերստին լծուիլ ընտրական օրէնքի քննարկման աշխատանքին եւ երկու ամսուան ժամկէտ ճշդել մենք մեզի, ապա վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, որպէսզի փաստենք լիբանանցիներուն, թէ մենք լուրջ ենք մեր աշխատանքներուն եւ առաքելութեան մէջ:
Ռապիէի Մէջ
Մինչ խորհրդարանը կը գումարէր իր լիագումար նիստը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները Ռապիէի մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը սահմանադրութիւնը եւ աւանդութիւնները անարգած է` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ հաւասարակշռութիւնը կորսուած է անձնական շահեր ապահովելու պատճառով:
Զօր. Աուն մաղթեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը կը գտնուի լուրջ կացութեան մը դիմաց, որուն առումով ան պէտք չէ պատմական սխալ մը գործէ:
Զօր. Աուն հարց տուաւ ապագային արդար ընտրական օրէնքներու յանգելու երաշխիքներուն մասին:
Ռիատ Սոլհի Հրապարակին Վրայ
Խորհրդարանին գումարած նիստին զուգահեռ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ կատարուեցաւ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին դէմ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին Ընտրական բարեկարգումի քաղաքացիական արշաւի տասնեակներով հետեւորդներ մերժեցին այդ որոշումը:
Ցուցարարները արգելք հանդիսացան կարգ մը երեսփոխաններու շքախումբերուն խորհրդարան հասնելուն, ինչպէս նաեւ 128 երեսփոխաններու լուսանկարները կրող պաստառ մը հարուածեցին լոլիկներով:
ՆՇԵՆՔ, որ Եւրոպական Միութիւնը ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին չկատարելուն համար եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը առիթ նկատեց` ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութեան գոյացումի մը: Իսկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ քաջալերել լիբանանեան քաղաքական կողմերը երեսփոխանական ընտրութիւններուն անյապաղ կայացումին առիթով:





