Սփիւռքի Նախարարին Հետ Հանդիպման Ընթացքին. Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Կ՛անդրադառնայ Շուտով Երեւան-Պէյրութ-Երեւան Թռիչքներու Իրականացման
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոնը:
Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հրանուշ Յակոբեան ողջունեց հիւրը եւ շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը աշխուժօրէն կը համագործակցի հայաշատ բոլոր երկիրներու դեսպաններուն հետ: «Լիբանանի հայ համայնքը մեծագոյն համայնքներէն մէկն է եւ ուրախ ենք, որ Լիբանանի մէջ հայերուն համար ստեղծուած են լաւ պայմաններ», նշեց նախարարը` ակնկալելով, որ արդէն յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Լիբանանի հայերու օրեր» մշակութային ձեռնարկներու շարքը, որուն ալ անմիջական մասնակցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանութիւնը:
Նոր նշանակուած դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար նշեց, որ կ՛ակնկալէ երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային, գիտական աշխուժ համագործակցութիւն եւ ուրախ է համագործակցութեան համար, որովհետեւ ատիկա կրնայ տարաբնոյթ գործնական քայլերով աւելի աշխուժացնել համայնքային եւ զբօսաշրջային կապերը: Ան աւելցուց նաեւ, որ իր նախաձեռնութեամբ Լիբանանի մէջ, ապա նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ պիտի տարածուի գրքոյկ մը, ուր լիբանանահայերը պիտի ներկայացնեն իրենց աշխատանքը եւ վարուելակերպը: Դեսպանը նշեց նաեւ, որ շուտով ուղիղ թռիչքներ պիտի իրականացուին Երեւան-Պէյրութ-Երեւան ուղղութիւններով, ինչ որ աւելի պիտի նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման:

