Հայաստանի Նախագահը Չմասնակցեցաւ Եւրազէսի Վեհաժողովին

Չորեքշաբթի օր Ասթանայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան (Եւրազէս) վեհաժողովը, որուն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան չմասնակցեցաւ:

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններէն չորսին` Ռուսիոյ, Խըրխըզիստանի, Ղազախստանի եւ Տաճիկիստանի նախագահները մէկ օր առաջ հաւաքուած էին Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենար կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովը: Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահները այդ հանդիպման չմասնակցեցան:

Սերժ Սարգսեանի եւ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի բացակայութիւնը զանազան մեկնաբանութիւններու առիթ դարձած էր, մինչդեռ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան քարտուղարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած էր, որ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ ղեկավարները Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք չէին մեկնած, քանի որ վեհաժողովի օրակարգը կ՛ընդգրկէր միայն Կեդրոնական Ասիոյ վերաբերող հարցեր:

Պիշքեքէն նախագահները մեկնեցան Ղազախստանի մայրաքաղաք, ուր բացումը կատարուեցաւ Եւրազէսի վեհաժողովին: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ:

Ասթանայի մէջ հաղորդուեցաւ, որ Խըրխըզիստան պիտի միանայ Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան, իսկ Ուքրանիա պիտի դառնայ դէտ:

Քանի մը օր առաջ Ուքրանիոյ նախագահը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով Սոչի կը գտնուէր, ուր տեղի ունեցաւ անոնց հինգ ժամնոց հանդիպումը: Եւրազէսի մէջ Հայաստան դէտի կարգավիճակ ունի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES