Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Քուէյթի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Ալի Ֆահտ Ռաշիտի հետ:

Ողջունելով Քուէյթի խորհրդարանի նախագահի Հայաստան այցելութիւնը` նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց երկու պետութիւններու խորհրդարանական համագործակցութիւնը եւ ընդգծեց, որ այդ ձեւաչափով փոխադարձ յարաբերութիւնները զգալիօրէն կը նպաստեն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ ջերմութեամբ կը յիշէ նախորդ տարեվերջին Քուէյթ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները արդէն կեանքի կը կոչուին:

Քուէյթի խորհրդարանի նախագահը իր կարգին շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ ունեցած իր հանդիպումները շատ բովանդակային են եւ քուէյթեան օրէնսդիր մարմինի աջակցութիւնը յայտնեց երկու երկիրներու կառավարութիւններուն կողմէ երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման ուղղուած գործուն քայլերուն:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ Քուէյթի եւ Երեւանի մէջ դեսպանատուներու հիմնումէն ետք երկու երկիրներու յարաբերութիւնները որակական նոր հանգրուան թեւակոխած են:

Քուէյթի խորհրդարանի նախագահը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձան քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած քայլերուն:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան սուրիական տագնապի լուծման նպատակով ձեռնարկուող ջանքերուն շուրջ: Այս շրջագիծին մէջ նախարար Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն Քուէյթի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES