Եւրանեսթի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Յաջորդ Լիագումար Նիստը` Երեւանի Մէջ

Չորեքշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ աւարտեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի 3-րդ լիագումար նիստը, որուն կը մասնակցէր նաեւ հայկական պատուիրակութիւնը:

Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին գնահատեց նիստին արդիւնքները` շեշտելով, որ այս օրերուն Պրիւքսէլի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ համաձայնիլ շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ:

«Բոլոր ազրպէյճանական հակաղարաբաղեան բանաձեւերը, ուր Հայաստանի մասին կը խօսուէր իբրեւ յարձակումներ գործող պետութիւն, «բռնագրաւուած տարածքներ», անոնք բոլորը դուրս թափեցան եւ ընդհանուր առմամբ հաւասարակշռուած բնական փաստաթուղթեր ընդունուեցան: Եւ ամէնէն կարեւոր խնդիրը, որ մենք դրած էինք, այսօր վերջնականապէս լուծուեցաւ: Յաջորդ նիստը` Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ` յաջորդ տարուան աշնան», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան դրական գնահատականին համաձայն գտնուեցան պատուիրակութեան անդամ բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ Եւրանեսթը բազմակողմանի խորհրդարանական համագործակցութեան բեմ է, Եւրոպական խորհրդարանը եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու պատգամաւորական պատուիրակութիւնները միաւորող կառոյց մը, որուն կ՛անդամակցին Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր երկիրները` բացառութեամբ Պիելոռուսիոյ, եւ կը քննարկեն մարդկային իրաւունքներու, տնտեսութեան, ուժանիւթի անվտանգութեան եւ մշակոյթին վերաբերող հարցեր: Սովորաբար Եւրանեսթի նիստերը կ՛ուղեկցին ազրպէյճանական պատուիրակութեան հակահայկական ելոյթներով:

«Եւրանեսթի մէջ անընդհատ այս վիճակը պիտի ստեղծուի, այսինքն` ազրպէյճանցիները անընդհատ պիտի փորձեն Եւրանեսթը սարքել իբրեւ հակահայկական քարոզչութեան բեմ մը, որուն մենք միշտ դէմ եղած ենք: Հիմա ասիկա կարծես այդքան ալ դժուար չէ, որովհետեւ մենք կրցած ենք ամուր աշխատանքային հիմքեր ստեղծել այստեղ», նշեց Վահան Յովհաննիսեան: «Բայց այս հարցերը միշտ պիտի մնան, որովհետեւ անոնք աւելի ու աւելի պիտի զօրացնեն իրենց ճնշումը` ունենալով բացառիկ տնտեսական կարելիութիւններ, որոնցմէ մենք զրկուած ենք եւ մենք ատիկա կը հատուցենք ուրիշ ձեւով»:

Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, ապագային նախատեսուած լիագումար նիստը Երեւանի մէջ պէտք է լաւապէս օգտագործել Հայաստանի, հայութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի քարոզչութեան համար:

2011-ին Վահան Յովհաննիսեան առաջարկած էր վեհաժողովի լիագումար նիստը Երեւանի մէջ կայացնել` հիմնաւորելով, որ սեպտեմբերին Հայաստան պիտի նշէ Անկախութեան տօնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES