Ֆիլիփ Լեֆոր Հանդիպում Ունեցաւ Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նալբանդեանի Հետ

Լեֆոր եւ Նալբանդեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեան մը շրջագիծին մէջ Հայաստան ժամանած Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ զրուցակիցները քննարկեցին աշխուժօրէն զարգացող Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, շրջանային զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց Լեֆորը:

Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանային ապահովութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը: Ֆիլիփ Լեֆոր վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու քայլերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES