Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա Նահանգը Ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը
Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի Ծերակոյտը 30 մայիսին ընդունած է բանաձեւ մը, որով ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Ծերակոյտին նոյնպէս ճանչնալու եւ աջակցելու ինքնավար եւ ժողովրդավար երկրի անկախութեան:
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան ճիւղը կը յայտնէ, որ բանաձեւը ներկայացուած է ծերակուտական Էտուին Միւրէյի կողմէ: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգը կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շարունակական ջանքերուն` դէպի ազատ եւ անկախ պետութեան կերտում:
CATEGORIES Հայկական

