Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ձեռքին ունիք բոլոր քարտերը` ձեր ուզածը կատարելու համար: Համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ շարժեցէք, բայց միշտ հաշիւով գործեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գործնական եղէք` օրուան աշխատանքներուն ճիշդ ուղղութիւն տալու: Թոյլ մի՛ տաք, որ թերացում մը տեսնուի ձեր լաւ աշխատանքին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր շուրջինները պիտի օգնեն ձեզի` ձեր ծրագրին լաւ կատարման համար: Մի՛ մտահոգուիք, դժուարութիւնները կը հարթուին շուտով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ սրտանց կատարեցէք ձեզի յանձնուած պարտականութիւնը, գրաւոր ըլլայ թէ բերանացի, որպէսզի անցընէք դժուարութիւնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կրօնական հարցեր արծարծելու առիթներ պիտի ունենաք եւ պիտի մասնակցիք զրոյցի մը` խանդավառութեամբ: Կրօնական հարցերը համայնական խնդիրներ կը յարուցանեն, հետեւեցէք ուշադիր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պաշտօնական թուղթեր դասաւորելու մի՛ մոռնաք, ինչ որ անհրաժեշտ է: Վաղուան գործ մի՛ ձգէք, որպէսզի ձեր թուղթերը չկուտակուին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօրուան համար որոշեցէք ոչինչ կատարել` համաձայնագիր մը ստորագրելու: Այս խնդիրը ձգեցէք ուրիշ օրուան մը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հազար կտոր մի՛ ըլլաք եւ զուր տեղ դուք ձեզի մի՛ յոգնեցնէք ոչինչ ձեռք ձգելու համար: Ինչ որ անհրաժեշտ է, միայն այդ ըրէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մեղմ տրամադրութիւն ունեցէք եւ եթէ ունիք զգացումներ, արտայայտուեցէք վիպային ձեւով, հաճելի եղանակով: Օրը կը պահանջէ համեստութիւն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գէշ լուրեր պիտի ստանաք, որոնց պատճառով պիտի մթագնի ձեր երկինքը: Ձեր ընտանիքին մօտիկ եղէք եւ միասնաբար դիմագրաւեցէք հարցերը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կապ պահեցէք ձեր ասպարէզին ու պաշտօնին վերաբերեալ հարցերով զբաղող անձերու հետ: Պիտի կարենաք վերսկսիլ ձեր ծրագրին իրագործման:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եռանդուն աշխատեցէք եւ մասնակցեցէք օրուան ծրագրին կիարկման, որպէսզի ներդաշնակութիւն ստեղծուի:

