50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1963)

«Կոմիտաս» Երգչախումբին
Տարեկան
Համերգը

Երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի յիշատակին նուիրուած, «Կոմիտաս» երգչախումբին տարեկան համերգը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 30 մայիս 1963, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ամերիկեան համալսարանին Չեփըլին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Երեք մասերու բաժնուած յայտագիրը, որ կազմուած էր «խմբային» եւ «առանձնական» երգերէ, կարծուածին չափ ալ վայելքի նոր երանգ մը չաւելցուց այս համերգին` կարենալ տալու համար առաւել եւս արժեւորող ներդաշնակութիւն մը:

Առաջին մասը յայտագրին կազմուած էր կրօնական երգերէ: Պատշաճ էր, որ հանգուցեալ վեհին յիշատակին նուիրուած այս համերգը սկսուէր տէրունական աղօթքով մը: Եւ համերգը սկսաւ «Հայր մեր»-ով, որուն յաջորդող  «Սուրբ, սուրբ»-ը, «Մարմին տէրունական»-ը եւ «Տէր ողորմեա»-ն յաջողութեամբ երգուեցան: Յաջող էր նաեւ, արդէն գնահատանքի արժանացած, Շահան Պէրպէրեանի «Եթէ զիս տանիս»-ը:

«Որք զարդարեցին»-ը սակայն տպաւորիչ ոչինչ ունէր: Մանաւանդ երբ այդ զուարթ շարականի ունկնդրութիւնը եկեղեցւոյ մէջ, տարբեր քաղցրութիւն մը ունի: Արուեստի մթնոլորտին մէջ, այդ պահը ապրելու հոգեկան վայելքը չունեցանք:

Նոյնը եղաւ պարագան «Ամէն եւ ընդ հոգւոյդ քում»-ին, որքան ալ մեներգողներ Ա. Փեհլիվանեան եւ Արա Կիրակոսեան ապրումով ջանացին երգել:

Յայտագրի երկրորդ մասը կազմուած էր ինը մեներգներէ: Պարգեւ Աբարթեան մեներգեց Կոմիտասի «Հով արէք»-ը  եւ «Անտունի»-ն: Սօսի Մինասեան մեներգեց Հանտելէն կտոր մը եւ Ա. Յարութիւնեանի «Օրօրոցային երգ»-ը: Արա Կիրակոսեան մեներգեց Շահան Պէրպէրեանի «Լուսաւորչի կանթեղ»-ը, եւ Կոմիտասի «Կռունկ»-ը: Ա. Փեհլիվանեան մեներգեց Ա. Սքարլաթթիի «Քալտօ սանկ»-ը Ժորժ Պազի «Աւէ Մարիա»-ն եւ Հ. Պէրպէրեանի «Կ՛անձրեւէ տղաս»ը:

Չորսն ալ իրենց գեղեցիկ ձայներով շնորհալի երգիչ եւ երգչուհիներ, արուեստի ըմբռնումով եւ յաջողութեամբ մեներգեցին: Սակայն, չյաջողեցան ջերմ ու գրաւիչ մթնոլորտ մը ստեղծել:

Ընդհանուր թերին ապրումն էր: Խանդավառիչ ապրումով չերգուեցան երգերը, մնացին արուեստի սահմանին մէջ: Ու եթէ «Կռունկ»-ը անդադրում ծափերով կրկնուեցաւ, այս յաջողութիւնը պէտք է փնտռել Արա Կիրակոսեանի տիրական ձայնին եւ վայելուչ երգուածքին մէջ, որ թարմութիւն բերաւ թմրած սրահին ժողովրդական «Կռունկ»ով: Կրկնուող «Կռունկ»-ը աւելի ապրում ունէր իր մէջ, քան թէ` ծափահարուող «Կռունկ»-ը:

Յայտագրի երրորդ եւ յաջողագոյն մասին մէջ 45 հոգինոց «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, սրտաբուխ ծափահարութիւններով գնահատանքի արժանի յաջողութիւն մը արձանագրեց:

Գ. Սիւնիի «Վո՜ւշ, վո՜ւշ»-ը, Կոմիտասի «Գութաներգ քաղհաներգ»-ը եւ մանաւանդ «Կալերգ»-ը յաջողութեամբ երգուեցան` արժանանալով սրտաբուխ ծափերու:

Հաճոյքով ունկնդրուեցաւ նաեւ Գոզալեանի «Ծիծեռնակ»-ը: Մեներգողն էր Յասմիկ Յովսէփեան:

Կանաչեանի «Նանօր»-ը, որ այնքան յաջողութեամբ երգուեցաւ, ինքնին համերգ մը արժելու չափ անդադրում ծափերու պիտի արժանանար, եթէ երգչախումբին կողմէ յաջողութեամբ նուաճուած ուխտագնացութիւնը, ոգեւորութիւն ստեղծող խնճոյքի մասով ամբողջական երգուէր:

Կանաչեանի «Օրօր»-ը նոյնպէս յաջողութեամբ երգուեցաւ: Ա. Փեհլիվանեան ապրումով մեներգեց «Քուն եղիր բալաս»-ը արժանանալով սրտաբուխ ծափերու:

Գրիգորի վրդ. Փիտեճեանի դաշնաւորած «Կիլիկիա» երգին խանդավառ խմբերգով համերգը վերջ գտաւ կատարեալ յաջողութեամբ:

Մասնաւոր գնահատանքով յիշատակենք նաեւ, որ մեներգներուն օրկի եւ դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ ծանօթ արուեստագէտ Պօղոս Ճէլալեան:

Վարպետօրէն երգչախումբը իր տիրապետութեան տակ պահող շնորհալի խմբավարը գնահատանքի միայն արժանի է իր կատարած աշխատանքներուն եւ ձեռք բերած նուաճումներուն համար:

Գէորգ Գանտահարեանին ղեկավարութեամբ «Կոմիտաս» երգչախումբը ունկնդրելը, վայելք մը պիտի ըլլայ միշտ, այսուհետեւ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Պապը Կը Շիջի Մոմի Մը Պէս

 Սրբազան Հօր Մարմինը Կը Դիմադրէ
Մահուան
Յառաջընթացին

 «Քրիստոս Զիս Պիտի Տանի Գիշերը», Ըսած Է Պապը

«Պապը կը շիջի դանդաղօրէն մոմի մը պէս, օրերը կապուած են կեանքի թեթեւ շունչի մը», յայտարարեց կիրակի իրիկուն բարձրաստիճան եկեղեցական մը, այն պահուն, երբ Յովհաննէս ԻԳ կը մտնէր հոգեվարքի երրորդ գիշերուան մէջ:

Ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամ) մեծ ապաշխարահայրը` կարտինալ Չենթօ, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն է աղօթքներ արտասանել պապի սնարին առջեւ, ներս առնուեցաւ պապական յարկաբաժինը, ուր վերջին 24 ժամերուն ընթացքին պապին անմիջական շրջապատէն դուրս ոչ ոք ընդունուած է: Այս ժամանումը ցոյց կու տայ, թէ ճակատագրական ժամը չի կրնար ուշանալ:

Այսուհանդերձ, իմացանք, որ պապը կը պահէ իր պայծառամտութիւնը: Շատ կը տառապի եւ գիտակից է իր տառապանքին: Վատիկանի մօտիկները կը յիշեցնեն Յովհաննէս ԻԳ.ի հետեւեալ խօսքը` «Քրիստոս զիս հետը պիտի տանի գիշերը»:

Անձկալի Լռութիւն

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ խիտ բազմութիւն մը հաւաքուած է միշտ: Թրանզիսթըր ռատիոներու միջոցով բազմութիւնը տեղեակ կը մնայ ընթացքին այն պայքարին, որ իրենց գլխուն վերեւ գտնուող սենեակին մէջ պապին տոկուն մարմինը կը մղէ մահուան դէմ:

Երբ առաջին անգամ մը, կէսօրուան մօտ, վատիկանեան ձայնասփիւռը ծանոյց, թէ պապին մահը այլեւս մօտալուտ է, հետզհետէ աւելի խիտ բազմութեան մրմունջները լռեցին: Անձկալի ծանր լռութիւն մը իջաւ հրապարակին վրայ:

Բոլոր աչքերը, խոր տխրութեամբ մը լեցուն, անգամ մը եւս բարձրացան դէպի այն երկու պատուհանները, որոնք փակ կը մնան, եւ որոնց ետին սրտաճմլիկ ողբերգութիւն մը տեղի կ՛ունենայ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES