ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական Բ. Զարգացման Մրցումը
Շաբաթ, 18 Մայիս 2013-ին, Էշրեֆիէի ՀԿՄ-ի սրահին մէջ, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան դաստիարակչական-մշակութային յանձնախումբի կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 10 երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ: ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ Աւետարանական քոլեճի, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճի, Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 4 հոգինոց խմբակներ մրցեցան իրարու դէմ` նախապէս սերտած ըլլալով յանձնախումբին պատրաստած «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա» գրքոյկը , որ կ’ընդգրկէ հայոց պատմութեան կիլիկեան հատուածին մասին ամփոփ տեղեկութիւններ:
Գրքոյկը կը միտի հայ աշակերտը ծանօթացնել Կիլիկիոյ հայկական աշխարհին եւ անոր հարստութիւններուն: Արդարեւ, ՀԿՀՄ-ը հայ աշակերտին տրամադրութեան տակ դրաւ այս գրքոյկը, որուն լոյս ընծայման նպաստած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշը պարզող ԳՈՀԱՐ համոյթին նախաձեռնած Խաչատուրեան ընտանիքը:
Հայ լեզուի ուսուցչուհիներէ կազմուած դատական եռանդամ կազմը իր որոշումը կայացնելէ ետք յայտարարուեցաւ, որ մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին խմբակը, երկրորդ դիրք` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, իսկ երրորդ դիրքը կիսուեցան Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը:
Մասնակից բոլոր խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագրեր, իսկ շահող խմբակը ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը: Շահող վարժարանի աշակերտները ստացան նաեւ իւրաքանչիւրը 200 տոլարի գումար մը:
Միութեան հոգեւոր վարիչ` Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան իր պատրաստած խօսքին մէջ նշեց. «Այսօրուան զարգացման մրցումը մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատրաստութեան: Ցեղասպանութեան զոհերէն մէկն է նաեւ Կիլիկիան, որ մերն էր եւ կորսնցուցինք»: Վարդապետին խօսքով. «Մենք անցեալին Կիլիկիան կորսնցուցինք բռնագրաւումի ձեւով, իսկ ներկայիս զայն կը կորսնցնենք, երբ նոր սերունդը անտեղեակ կը մնայ անոր պատմութեան եւ մշակոյթին, անոր գանձերուն»: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մեր հայապահպանումի պայքարներէն մին է չմոռնալ Կիլիկիան, մինչեւ որ ան իր հարազատ տէրերուն վերադարձուի, եւ ՀԿՀՄ-ի կազմակերպած այս զարգացման մրցումը թող այս վերյիշեցումին ծառայէ»:
Այս նախաձեռնութիւնը իր յաջողութեամբ եկաւ աւելի հարստացնելու վարչութեան վաստակը` հայ աշակերտին տեղեկութիւններու պաշարին աւելցնելով դարաւոր եւ փառաւոր անցեալ ունեցած մեր հայոց պատմութեան հպարտալից էջերէն Կիլիկիոյ թագաւորութեան փառքը:
ՀԿՀՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

