Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Մայրերու Օր
Ազգի մը ապագան մօր մը դաստիարակութենէն կախեալ է: Լաւ եւ խոստմնալից սերունդ ունենալու համար այդ ժողովուրդը պէտք է ունենայ լաւ եւ գիտակից մայրեր: Հայ ժողովուրդը միշտ երախտագէտ է հայ մօր նկատմամբ` նուիրելով մայիս ամիսը անոնց: Հայ բանաստեղծները լուսարձակի տակ առած են հայ մօր դերը բազմաթիւ գեղեցկահիւս բանաստեղծութիւններով: Այս բոլորը աննպատակ եւ ի զուր չեն, որովհետեւ հայ մայրը դաստիարակած է այնպիսի սերունդներ, որոնք մեր ազգային ճակատագրական պահերուն պահած են իրենց ինքնութիւնը որպէս հայ եւ պահպանած` իրենց հաւատքը: Տակաւին, հայ մայրը ինքզինք նուիրաբերած եւ զոհաբերած է ի սպաս իր ժողովուրդին:
Հայ մօր նուիրեալ դերը գովերգելու եւ մեծարելու համար Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը հինգշաբթի, 23 մայիս 2013-ին իր ծնողները հրաւիրեց իւրայատուկ հանդիսութեան, զոր ներկայացուցին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները անխտիր:
Վարժարանի «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան վարժարանի ծնողական խորհուրդը մայրերը դիմաւորեց գեղեցիկ վարդերով:
Բացման խօսքով հանդէս եկան վեցերորդ դասարանէն Սթեֆանի Ունանեան եւ Ռեւ Դարբինեան, որոնք նշելէ ետք հայ մօր դերը, երախտագիտական զգացումներն յայտնեցին հայ մօր անփոխարինելի, անսահման եւ անսակարկ սիրոյ, գուրգուրանքին եւ զոհաբերութեան համար: Անոնք յատկապէս նշեցին, որ մայրերը հայկական բարքերու եւ սովորութիւններու պահապանն են:
Այնուհետեւ ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը` մանկապարտէզի աշակերտներու մասնակցութեամբ: Անոնք հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով եւ իրենց դողդոջուն մանկական շրթներով արտասանութիւններ եւ երգեր ներկայացուցին ու գրաւեցին իրենց մայրերուն սրտերը` յուզումնալից պահեր պարգեւելով անոնց:
Ապա հերթը հասաւ նախակրթարանի աշակերտներուն, որոնք երեք լեզուներով բանաստեղծութիւններ ասմունքեցին, իսկ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի, ներկայացուց «Խաղիկ-մաղիկ», «Մայրիկ» եւ «Տօն է վառ գարնան» խմբերգները: Նշենք, որ յայտագրի ընթացքին վեցերորդ դասարանի աշակերտները մէջ ընդ մէջ հայ թէ օտար գրողներու մտածումները ներկայացուցին մօր մասին:
Օրուան խորհուրդը եւ հուսկ բանքը ներկայացուց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ Մարալ Լոզոյեան: Ան յետադարձ ակնարկ մը կատարեց մայրերու տօնին` նշելով, որ հին ատեն մայրերու տօնը` կրօնական բնոյթ ունէր եւ այդ տօնը նուիրուած էր հռոմէացիներուն Ռհիա աստուածուհիին, իսկ յոյներուն մօտ Լիպէլ աստուածուհիին: Անոնք կը փառաբանուէին իրենց պտղաբերութեան եւ բազմածնութեան համար: Այս տօնը կը զուգադիպէր գարնան, որովհետեւ բնութիւնը գարնան իր կատարելութեան կը հասնի, ինչպէս կինը յղանալով եւ մայրանալով կը հասնի իր կազմաւորման կատարելութեան:
Մարալ Լոզոյեան նշեց նաեւ, որ մայրերու տօնը իբրեւ ընդհանրական տօն որդեգրուեցաւ Ամերիկայի մէջ 1906-ին, երբ Աննա Ժարվիս անունով ուսուցչուհի մը իր մայրը կը կորսնցնէ եւ պետութեան մօտ աշխատանք կը տանի, որպէսզի մայրերու տօնը նշուի, եւ 1907-ին իր առաջարկը կ՛ընդունուի: Ան հպանցիկ ակնարկ մը նետեց նաեւ, թէ Եւրոպայի եւ արաբական աշխարհի մէջ ինչպէս սկսաւ Մայրերու տօնի յիշատակումը: Հայաստանի մէջ կը նշուի Ապրիլ 7-ին, Աւետման օրը, երբ հրեշտակները կը տեղեկացնեն, Մարիամին, թէ պիտի յղանայ եւ ծնունդ տայ Աստուածորդիին:
Ան յայտնեց, որ վիճակագրական տուեալներու համաձայն, «մամա» բառը ամենաշատ գործածուած բառն է մանուկներուն մօտ:
Մ. Լոզոյեան յայտնեց նաեւ, որ առաջին ուսուցիչը եւ դպրոցը մայրն է, որ իր զաւակին կեանքի կենսական ու տարրական գիտելիքները կը փոխանցէ: Ան նշելէ ետք մօր բազմապիսի բարեմասնութիւններն ու զոհողութիւնները, ըսաւ, որ անկարելի է չխոնարհիլ համակ նուիրում ու անձնազոհութեան տիպար հանդիսացող մօր վաստակին առջեւ:
Մ. Լոզոյեան եզրակացուց` ըսելով, որ չկան վատ կամ լաւ մայրեր, կատարեալ կամ թերի մայրեր: Մայրը մայր է իր բոլոր թերութիւններով եւ սխալներով: Ան պարիսպի նման կը պաշտպանէ իր ընտանիքը: Իսկ հայ մայրը օժտուած է ազգային գիտակցութեամբ եւ կը տանի հայապահպանման աշխատանք: Հայ մայրը իր զաւակը հայկական վարժարան կ՛ուղարկէ, որպէսզի կերտուի անոր ինքնութիւնը եւ տէր ըլլայ մեր ազգային ժառանգութեան եւ արժէքներուն:
Աւարտին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարալ Լոզոյեանին, որ իր դասախօսութեան ճամբով եւ դիպուկ մէջբերումներով բնորոշեց մայրերու տօնը:

