Տոքթ. Ռոտնի Տաքէսեանի Գիրքին Շնորհահանդէսը

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ գործակցութեամբ «Սատեր» հրատարակչատան, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, ուրբաթ, 17 մայիս 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Փաստաբանի տան, մեծ հանդիսասրահին մէջ (Ատլիէ), տեղիունեցաւ «Les effets juridiques des massacres commis contre les Arméniens en 1915 et  leurs modes de résolutions judiciaires et extrajudiciaires possible» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն հեղինակն է` տոքթ. Ռոտնի Տաքէսեան:

Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ ազգային եւ լիբանանեան մտաւորական դէմքեր, եւ յատուկ ներկայութեամբ Լիբանանի դատական ատեանի ու փաստաբաններու ընկերակցութեան նախագահ Մ. Նուհատ Ժապըրի եւ ատեանէն ներկայացուցիչներու:

Քայլերգներու ունկընդրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ փրոֆ. Էմիլ Ֆրանսուա Քալլօ` Լիոնի համալսարանէն, որ եղած է տոքթ. Ռոտնիին աւարտաճառին ղեկավար: Ան նաեւ յանձնեց Ռոտնի Տաքէսեանին` իր տոքթորականի վկայականը:

Տոքթ. Ռոտնի Տաքէսեան

Հուսկ, տոքթ. Ռոտնի Տաքէսեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւններու շարքին սկիզբը մեծ երախտագիտութեամբ յիշեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որուն քաջալերանքին շնորհիւ ինք կրցած էր յառաջ երթալ այս նիւթին մէջ, ապա բացատրեց իր դիմագրաւած դժուարութիւնները, իր որդեգրած նիւթին ղեկավար մը գտնելու համար: Սակայն, ան նշեց, թէ յաջողեցաւ փրոֆ. Քալլոյին մէջ գտնել այն գիտնական իրաւաբանը, որ գնահատելէ անդին հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, պաշտպան կը կանգնի նաեւ Հայ դատին: Տոքթ. Ռոտնի Տաքէսեան խոստացաւ իր խօսքի աւարտին, որ իր կեանքը ամբողջութեամբ պիտի նուիրէ հայ դատին եւ 1,5 միլիոն նահատակներուն, որոնք ամէն բանէ առաջ մարդկային ոճիրի զոհ գացին:

Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան անգլերէնով իր խօսքին մէջ նշեց Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները, պետական եւ մշակութային մարզերուն մէջ, նաեւ շեշտեց Մեծ Եղեռնի ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, Թուրքիոյ կողմէն: Ան քաջալերեց տոքթ. Ռոտնին, մանաւանդ` այն այժմէական նիւթին համար, որ ընտրած էր ան: Հանդիսութեան ընթացքին տուտուկի երաժշտական գեղարուեստական նուագին յաջորդեց գիրքին մակագրութիւնը եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES