Կեանքը Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանէն Ներս. Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթը

Հայը քաղաքակիրթ ու ստեղծագործ ժողովուրդ եղած է եւ գոյատեւած է իր հաստատ կամքով, ամրակուռ հոգիով եւ իր ազգային ժառանգութեանց պահպանումով: Չէ նահանջած ամէն տեսակ թշնամութիւններու դժուարութիւններու դիմաց:

Իբրեւ տոկուն կաղնի` Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանը, աւելի քան եօթը տասնամեակներ շրջանաւարտներու սերունդներ տուած է` հաւատարիմ մնալով Ս. Մեսրոպի Ազգային ուխտին եւ անոր աւանդները շարունակելով` կանգուն կը պահէ հայ վարժարանը:

Շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին երեկոյեան ժամը 9:30-ին «Րէյֆունի Ատիպ Փալաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ պետական երեսփոխան Միշել Ֆարաոնի:

Օրուան հաղորդավարն էր Նազելի Էպէեան – Նալպանտեան: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ հայ վարժարանի կարեւոր ու անփոխարինելի դերակատարութեան` հայապահպանութեան եւ հայ ոգիով տոգորուած նոր սերունդի կոփման եւ պատրաստման առաքելութեան մէջ:

Ան դիտել տուաւ, որ հայ դպրոցին շնորհիւ է, որ հայը հայ կը մնայ եւ որպէս ազգասէր անհատ կը մշակուի` ամրապնդելով մեր ազգին գոյութիւնը որպէս հայ` համաշխարհայնացման համայնակուլ աշխարհին մէջ: Անոր համաձայն, ձուլման եւ ազգային ջիղի թուլացման առաջին քայլը նկատուած է օտար վարժարան յաճախելը:

Շարունակելով իր խօսքը Ն. Նալպանտեան յայտնեց, թէ հայ վարժարան պահելն ու պահպանելը կը պահանջէ ամբողջական նուիրում, ազգային գիտակցութիւն եւ հաւաքական հսկայ աշխատանք: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց ներկաներուն միանալու այս ազգասէր աշխատանքին:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեանը, որ ըսաւ, թէ նման հաւաքով կ՛արժեւորենք մեր անցեալը` մեր նախնիներուն պատգամն ու անոնց յանձնարարութիւնը:

Ան յիշեց նաեւ 21 տարիներ առաջ 9 մայիսին Արցախ աշխարհի 2-րդ քաղաք` հայոց բարձրաւանդակներէն Շուշիին ազատագրումը նշելով, որ Շուշի քաղաքի ազատագրման համար պայքարող, կռուող քաջարի հայորդիները, որոնք իրենց կեանքերը կը զոհէին, իրենց հայրենասիրական ոգին, շունչը եւ դաստիարակութիւն ստացած էին հայ դպրոցներուն մէջ, հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցման դասընթացքի պահուն, հայ եկեղեցւոյ հաւատամքներով:

Յ. Կէրկէրեան յայտնեց. «Հայ ազգային վարժարանին զօրակցիլն ու նեցուկ կանգնիլը ազգային ամենավեհ նուիրականութիւններէն մէկն է: Ուստի եկէք ամէն մէկս իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մեր բարերարութեամբ ազգային բերդը ամուր պահենք»:

Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին ու անոր գոյատեւման նեցուկ կանգնողներուն:

Արաբերէն լեզուով ելոյթ ունեցան վարժարանի ուսուցչուհի Ռանիա Նէտըր եւ Նազարէթ Սէօքիւնեան: Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանին սատար հանդիսանալու: Այս վարժարանը մօտ 75 տարիէ ի վեր սերունդներ կը պատրաստէ, որոնք այս գաղութին հետ իրենց ուսերուն վերցուցած են ծանր պարտականութիւններ»:

Ան ըսաւ. «Դուք գիտակից էք, թէ Լիբանանը ինչպիսի դժուարին քաղաքական թէ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ է: Մենք կը հաւատանք, որ դուք պիտի ձեռք մեկնէք հայ դպրոցին եւ առանց վարանելու պիտի տաք, որովհետեւ ուսման կը նուիրէք ձեր լումաները: Մի մոռնաք «եթէ դպրոց մը բանաք, բանտ մը գոցած կ՛ըլլաք»:

Պրն. Նազարէթ ներկայացուց պետական երեսփոխան տիար Միշել Ֆարաոնը: Ան յայտնեց, թէ մեր օրուայ նախագահը կը պատկանի Էշրեֆիէի շրջանի յայտնի ընտանիքի մը, որոնք հինէն ի վեր հայերու մտերիմ բարեկամն եղած են: Ան իր շրջանակին մէջ իր օգտակարութիւնը բերած է, բժշկական կեդրոններու, երիտասարդական մարզական միութիւններու…:

Ռ. Նետըր դիտել տուաւ, որ 75 տարուան կեանք ունեցող ազգային Ռուբինեան վարժարանը կրցած է յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ գաղութին մէջ ծանր պարտականութիւն ստանձնած: Անդրադառնալով լիբանանեան տնտեսական ծանր պայմաններուն ան ներկաները հրաւիրեց իրենց լուման ներդրելու, որպէսզի դպրոցը կարենայ շարունակել իր առաքելութիւնը:

Ն. Սէօքեան ներկայացուց օրուան նախագահը` երեսփոխան Միշէլ Ֆարաոնը, որ իր շրջանակին մէջ օգտակար դարձած է տարբեր ծրագիրիներու: Ապա ներկաները դիտեցին Մ. Ֆարաոնի գործունէութեան եւ բարեգործութեան վերաբերող տեսերիզ մը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն: Ան անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական ծանր պայմաններու, անորոշութեան, որոնք մեր ծրագիրներու իրագործման համար արգելք կը հանդիսանան: «Մենք կը փորձենք պահել երկրի կայունութիւնը: Կ՛աշխատինք վերակառուցել երկիրը»: Ան բարձր գնահատեց լիբանանահայ գաղութի դերը երկրի տնտեսութեան եւ տարբեր մարզերու զարգացման մէջ:

Օրուան հիւր երգիչը` Սարօ Փանոսեան իր ճոխ հայկական երգերով խանդավառեց մթնոլորտ:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Գեղամ արք. Խաչերեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու:

Ան յայտնեց, որ կը գիտակցինք, թէ իւրաքանչիւր վարժարան Ազգային կեանքի պաշտպանման բերդ մըն է, եւ անոր բարերարութիւն ընելը այդ բերդը ամուր պահել կը նշանակէ: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ բոլորին նպատակը պէտք է ըլլայ ջանալ նուիրուիլ, զոհուիլ ու տալ. բարոյական եւ նիւթական նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի հայկական դպրոցը գոյատեւէ:

«Դուք եթէ տաք հայ վարժարանին, ձեզմէ ոչինչ կը պակսի, այլ շահած կ՛ըլլաք, որովհետեւ դուք կանգուն կը պահէք հայ վարժարանը», նշեց ան:

Ան բարձր գնահատեց հայկական վարժարանի գոյապայքարին ճամբուն վրայ ներդրում ունեցողները` դիտել տալով, որ երկրին տնտեսական եւ քաղաքական պայմանները մեզ պէտք չէ տկարացնեն եւ յուսահատեցնեն:

«Մենք ուխտած ենք մեր պապերէն ժառանգած ուղիով քալել ու նոյն ուղիով տէրը կանգնիլ` հայ վարժարանին»:

Ապա տնօրէնը յուշանուէրով մը` սրբազան հօր ձեռամբ, պատուեց երեսփոխան Մ. Ֆարաոնը: Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Կրկին բեմ բարձրացաւ երգիչ Սարօ Փանոսեան:

Տեղի ունեցան վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES