Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը Կը Շարունակէ Իր Բարեսիրական Եւ Զարգացման Երթը` Իր Առաքելութեան Հաւատացողներուն Նեցուկով

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Բարեսիրական, մարդասիրական կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն առաքելութիւնն է օժանդակել կարիքաւորներուն, հիւանդներուն, ընկերային ծանր պայմաններ դիմագրաւողներուն, ծերերուն եւ այլ պարագաներու: Ա՛յս է ընդունուած հասկացողութիւնը, որ, ճիշդ ըլլալով հանդերձ, պէտք է մղում ըլլայ մտածելու, թէ տուեալ կառոյցները ի՛նչ ձեւով կ՛ապահովեն անհրաժեշտ նիւթականը` այդ մեծ առաքելութեան հասնելու եւ իրենց վրայ դրուած պարտքը լիուլի կատարելու համար: Ճիշդ է, որ կառոյցները կ՛ունենան իրենց  ետին կանգնող եւ օժանդակող հիմնարկներ կամ անձեր, սակայն գրեթէ միշտ հայթայթուած գումարը եւ բարեսիրական նպատակներու համար տրամադրուած գումարները իրարու չեն համապատասխաներ, տուեալ կառոյցը դնելով նորանոր միջոցներով նիւթական ապահովելու պարտաւորութեան դէմ յանդիման:

Այս իրողութեան կողքին կայ նաեւ մարդկային այլ գոհունակութիւն մը, վեհ առաքելութիւն մը, որ կը խտանայ տալու, նուիրելու, քու նիւթական եւ բարոյական կարելիութիւններէդ ուրիշին ալ բաժին հանելու մէջ: Ոչինչ կրնայ այս գոհունակութիւնը, սրտի ու խղճի հանգստութիւնը փոխարինել: Իսկ տալու լաւագոյն կեդրոնները բարեսիրական, մեր պարագային` հայկական մարդասիրական եւ բարեսիրական կառոյցներն են, որոնք բարերարէն կարիքաւոր տանող ճիշդ ճամբան արդէն իսկ հարթած են իրենց տարիներու աշխատանքով, փորձառութեամբ, ուսումնասիրութիւններով: Նման կառոյցներու միջոցով եղած յատկացումները անպայման իրենց գերագոյն նպատակին կը ծառայեն` ժպիտ մը ուրուագծելով ընկերային ծանր պայմաններու տակ ապրող ընտանիքի զաւակներուն դէմքին, օրհնութիւն մը հասցնելով տուողին հասցէին, ապրելու ու պայքարելու յոյս ներշնչելով հիւանդին, իրենց մասին մտածողին համար ծերունիին աղօթքը լսելով եւ անգամ մը վերահաստատելով նման կառոյցներու կարեւորութիւնը` երկուստէք գոհունակութիւն պատճառելու առումով եւս:

1966 թուականէն ի վեր Սուրիոյ, Լիբանանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի, Յորդանանի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Հայաստանի մէջ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը գործած է բարեսիրական եւ համայնքներու զարգացման նպատակներով: Անիկա հիմնադրուած է Միացեալ Նահանգներու Երիցական եկեղեցւոյ (Փրեսպիթերիըն չըրչ) կողմէ, համաձայն մարաշցի Վարդան Ճինիշեանի կտակին` ի յիշատակ իր ծնողներուն` վերապատուելի Յարութիւն եւ տիկ. Կատարինէ Ճինիշեաններու: Վ. Ճինիշեան իր կտակին շահոյթէն տրամադրած է համայնքային կարիքներուն: Ներկայիս ան կը գործէ Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ մէջ:

Ձեռնարկը Լիբանանի մէջ գործել սկսած է 1966-67 թուականներուն` մատուցելով հիմնականօրէն ընկերային սպասարկութիւններ, յատկացումներ կատարելով նպաստի, հոգեւոր վերելքի եւ զարգացման ծրագիրներու, որպէսզի կարիքաւոր հայորդիներ կարենան յաղթահարել չքաւորութիւնն ու յուսալքումը: Ընկերային օժանդակութեան ծիրին մէջ նկատի առնուած են ոչ թոշակառու տարեցները, որոնք հոգացող եւ եկամուտ չունին, հիւանդները, որոնք ընկերային եւ առողջական ոչ մէկ ապահովագրութիւն ունին եւ կը դիմագրաւեն նիւթական ու ընկերային դժուար պայմաններ:

Այսօր պայմանները փոխուած են, փոխուած են նաեւ ընկերային ու տնտեսական կացութիւնները, պահանջները, կարելիութիւնները: Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի ներկայի գործունէութեան, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կարիքներուն, նորանոր մարտահրաւէրներուն եւ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Ազդակ» հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Սեդա Փամպուքեանին հետ:

Ճինիշեանի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններու վերաթարմացում կատարելով` Ս. Փամպուքեան յայտնեց. «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը կ՛օժանդակէ ընտանիքներու եւ անհատներու, որոնց եկամուտը աղքատութեան մակարդակէն ալ վար է, եւ որոնք կը դիմագրաւեն զանազան դժուարութիւններ, ինչպէս` անգործութիւն, որբութիւն, հիւանդանոցային մեծածախս գումարներ հոգալու անկարողութիւն, նաեւ դատական, բնակարանային, տան մէջ հաշմանդամի ներկայութեան, թմրամոլի, բանտարկեալի հարցեր:

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկին իրագործումները եղած են բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ. յիշենք հիմնականները.

– մանկամսուրի եւ ամառնային խաղավայրերու ստեղծում.
– գործ ապահովելու գրասենեակ.
– ծերերու ակումբ.
– որբեւայրիներու ծրագիր.
– փոխատուութեան ծրագիր.
– բնակարանային ծրագիր: Այս վերջին ծրագիրով 1998-էն 2001 տարիներուն Ճինիշեան ձեռնարկը 43 ընտանիքներու տրամադրած է բնակարաններ ունենալու առիթ` գումարները ինք վճարելով, իսկ անկէ ետք ամսական դրութեամբ գանձելով տուեալ ընտանիքներէն, որոնց մէկ մասը այսօր արդէն իսկ դարձած են տանտէրեր: Անոնք գումարներ փոխ առնելու հարցեր կը դիմագրաւէին, որովհետեւ տուեալները չունէին այդ մէկը ընելու»:

Ս. Փամպուքեան յայտնեց, որ Ճինիշեան ձեռնարկը լիբանանահայութեան կարիքներուն հասնելու կողքին, քաջալեր հանդիսացած է ընկերային բարօրութեան ձգտող ծրագիրներուն եւ մասնագիտական խորհրդատուութեամբ օժանդակած է գաղութին մէջ գործող ընկերային բարօրութեան ձգտող ձեռնարկներու, ինչպէս` ԱՖԷՏ (Տնտեսական բարելաւման հայկական հիմնադրամ), ԱՖՀԻԼ (ապահովագրութեան ծրագիր) եւ «Զուարթնոց» կեդրոն (մտքով թերաճ հայ մանուկներու յատուկ):

«Ներկայիս Լիբանանի մէջ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը կը գործէ 15 հոգինոց մասնագիտացած անձնակազմով մը` գործակցութեամբ տեղական խորհրդատու մարմինին: Մեր ընկերային ծառայողները, դեղագործները կ՛ապահովեն զեղչեր կամ օժանդակութիւններ, որոնք աւելնալով Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի տուած օժանդակութիւններուն վրայ` շատ աւելի շօշափելի կը դարձնեն խնդրարկուի մը ստանալիք օգնութիւնը:

«Օժանդակելու կողքին, մենք աշխատանք կը տանինք մարդակերտումի, անհատները աւելի ինքնավստահ դարձնելու ուղղութեամբ: Կիներու պարագային, օրինակ, խմբային մարզումներու միջոցով մեր նպատակը եղաւ անոնց անհատականութիւնը եւ կարողութիւնները զարգացնել, յոյս ներշնչել, որպէսզի անոնք պատրաստուին գործի ասպարէզ նետուիլ եւ իրենց ընտանիքներուն համար եկամուտ ապահովել: Կան նաեւ պարմանուհիները, որոնք դպրոցէ դուրս մնացած էին. հետեւողական խմբական աշխատանքով կարելի եղաւ զարգացնել զանոնք եւ ուղղել արհեստից վարժարաններ, որոնց շնորհիւ անոնք կարելիութիւն ունեցան ու կ՛ունենան գործ գտնելու եւ աշխատելու: Մեզի համար այս եւս կարեւոր է, որովհետեւ միայն օժանդակութիւն տալով` կարելի չէ գոյատեւել, այլ պէտք է կազմաւորել մարդիկ, որոնք կարելիութիւն ձեռք պիտի ձգեն իրենց կարիքները անձամբ հոգալու, աւելի ատակ անձեր դառնալու եւ իրենց շրջապատին օգուտ բերելու»:

Սեդա Փամպուքեան շեշտեց, որ այս ամբողջ աշխատանքը կարելի կը դառնայ յատկապէս կառոյցին ունեցած կապերուն եւ յարաբերական լայն ու ընդարձակ ցանցին միջոցով: Արդարեւ, համագործակցութիւն հաստատուած է հայկական եւ ոչ հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս` ԼՕԽ, Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկը, ՀԲԸՄ, «Ուայ. Էմ. Սի. Էյ.», «Ուըրտ վիժըն», «Պիյանտ», «ՏՕԹ», «ԿԷՅՄ», «Հապիթեթ ֆոր հիումանիթի», «Քրիէյթիվ սփէյս», «Փիս ինիշիաթիվզ», «Լէզանֆան տիւ սիէքլ» եւ այլ կազմակերպութիւններ: Այս կառոյցներուն հետ աշխատանքներու համադրումով, հետապնդումով, նորանոր ծրագիրներու միացեալ իրականացումով կարելի կ՛ըլլայ առաւել օգտաշատ ու շօշափելի օգնութիւններ տրամադրել լիբանանահայութեան բաւական լայն շերտերուն:

Ներկայիս տիրող պայմաններու լոյսին տակ Լիբանանի Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկին նորանոր մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով` Սեդա Փամպուքեան յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ Ճինիշեանը նաեւ կ՛օժանդակէ Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական ծանր կացութենէն փախուստ տուած եւ Լիբանան հաստատուած կարիքաւոր սուրիահայերուն, որոնք առողջական հարցեր կը դիմագրաւեն: Հաստատութիւնը նաեւ կը փորձէ կարելի եղածին չափ օգտակար դառնալ աշխատանք փնտռող սուրիահայերուն` իր գործի գրասենեակին ճամբով: Նաեւ ծանրացած է լիբանանահայութեան ընկերային¬տնտեսական վիճակը, որ յաւելեալ պարտաւորութեան տակ կը դնէ բարեսիրական կառոյցները:

Սեդա Փամպուքեան յայտնեց, որ մինչ Լիբանանի մէջ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկին վրայ դրուած պարտաւորութիւններուն ծիրը կ՛ընդարձակուի, պարտականութիւնները կը ծանրանան, նիւթական գոյացնելու կարելիութիւնները նուազած են, մանաւանդ որ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը, որ նախապէս տարբեր երկիրներու մէջ գործող իր կառոյցներուն ամբողջ պիւտճէն կը հոգար, ներկայիս նուազեցուցած է իր յատկացումները, ուստի Լիբանանի կառոյցը կը փորձէ իր միջոցներով գոյացնել այս գումարը:

«2004 թուականէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած շահարկումները միջազգային տնտեսական տագնապի պատճառով կը շարունակեն վնասներ կրել եւ տարուէ տարի նուազ յատկացումներ կը ղրկուին Լիբանան:

«Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ քաղաքական անկայունութիւնը, սղաճը եւ անգործութիւնը ժխտական անդրադարձ կ՛ունենան թէ՛ մեզի ներկայացող խնդրարկուներուն եւ թէ՛ մեր վրայ: Հետեւաբար մենք եւս մեր կարգին կը դիմենք նուիրատուներու եւ տեղական հայկական եւ ոչ հայկական կազմակերպութիւններու, որովհետեւ գործակցելու ծրագիրներու ծիրին մէջ նաեւ կը ստիպուինք երբեմն պիւտճէական սեղմումներու եւ կրճատումներու դիմել»:

Պէտք է յիշել, որ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը իր ներուժը նաեւ ուղղած է դէպի հայրենիք, որուն եւս պէտք է բաժին հանել կառոյցի դրամագլուխէն:

Դժուարութիւնները առկայ են, բայց առկայ է նաեւ վճռակամութիւնը` շարունակելու առաքելութիւնը, հասնելու ընկերային նեղ կացութեան մէջ եղողներուն, գոյատեւելու մարդասիրական այս ուղիին վրայ: Այս վճռակամութիւնը բնականաբար առաւել եւս պիտի ամրապնդուի, եթէ կառոյցին կողքին կանգնին նաեւ բարերարներ, մանաւանդ որ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը արժանի է նեցուկի, որովհետեւ լիբանանահայ կեանքին մէջ անիկա տարեկան շուրջ 700 հազար տոլարի ներդրում ունի:

Տեղին է յայտնել նաեւ, որ կառոյցը ձեռնածալ չի մնար, այլ իր կարգին կը դիմէ տարբեր ձեւերու եւ նախաձեռնութիւններու` նիւթական աղբիւրներ ապահովելու համար: Արդարեւ, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը հրապարակած է վիճակահանութեան տոմսեր, որոնց միջոցով ներդրուած չնչին գումարներով կարելի կ՛ըլլայ մասնակից դառնալ տարուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ շահելու պարագային առիթ ունենալ հայրենիք այցելելու:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Ս. Փամպուքեան հաստատեց, որ երթը անխափան է. «Այսուհանդերձ, հաստատ հաւատքն ունենալով, որ մեր տարած աշխատանքը ազնիւ եւ Աստուածահաճոյ գործ է, վճռած ենք շարունակել մեր մարդասիրական գործունէութիւնը այն վստահութեամբ, որ ուշ կամ կանուխ կը փարատի միջազգային տնտեսական տագնապը եւ կը բարելաւուին Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի հիմնադրամին եկամուտները:

«Այս համոզումով կը դիմենք ազնիւ նուիրատուներու եւ բարերարներու, որպէսզի օգնեն մեր ծրագիրներու յարատեւման», կոչ ուղղեց ան:

Կ՛արժէ նաեւ հակառակ ուղղութեամբ մտածել, որպէսզի կարելի ըլլայ հասկնալ, թէ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը թէեւ տուած է անսակարկ, սակայն այսօր նաեւ անսակարկ կերպով ստանալու արժանի է: Անիկա միշտ եղած է տուողը, բաշխողը, օժանդակողը, իսկ այսօր պէտք է նաեւ իրեն տալ, որպէսզի ինք եւս նոյն թափով եւ նոյն տարողութեամբ շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութիւնը` ի խնդիր աւելի լաւին, բարօրութեան, աւելի բարեկեցիկ կեանք ու ապագայ պարգեւելու տեսլականին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES