«Լիվըրփուլը Զօրացնելու Գլխաւոր Թեկնածուն Մխիթարեանն Է» Կը Գրէ «Տը Միրըր»

Իր լուրը քաղելով անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ եթէ անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբը կ՛ուզէ իր միջնապահ գիծը զօրացնել, պէտք է իր կազմին միացնէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:

Ըստ «Տը Միրըր»-ի, անգլիական կազմին պատասխանատուները բազմիցս ներկայ գտնուած են Հենրիխ Մխիթարեանի կատարած մրցումներուն:

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25 կոլի հեղինակ դարձած Մխիթարեանի փոխանցման գումարը պէտք է ըլլայ 23 միլիոն եւրօ:

Սակայն Շախտիորի մարզիչ Միրչա Լուչեսքու կը պնդէ, որ անոր փոխանցման համար ինք կը պահանջէ 30 միլիոն եւրօ:

 

Share this Article
CATEGORIES