Ղազախստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ռոպերթ Արզումանեան Նշանակեց Իր Կազմին Առաջին Կոլը

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեանի կազմը` Աքթոփէ, 3-0 արդիւնքով յաղթեց Իրթիշի:

Աքթոփէի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց նոյնինքն Արզումանեան` 34-րդ վայրկեանին: 27 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստը 90 վայրկեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս մրցումին, կը շարունակէ «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը:

Արզումանեան այս մրցումին յաջորդող օրը մեկնեցաւ Երեւան` ազգային հաւաքականին հետ պատրաստուելու համար 7 եւ 11 յունիսին յաջորդաբար Մալթայի եւ Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES