Առնոլտ Հանթըր` Հայաստան – Մալթա Մրցումին Իրաւարարը

Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, յառաջիկայ 7 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մալթան:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին համար ՖԻՖԱ-ին կողմէ կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է Առնոլտ Հանթըր (Հիւսիսային Իրլանտա): Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան անոր ազգակիցները` Էամոն Շանքս եւ Ռիչըրտ Սթորէյ, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Մարք Քըրթնի:

Share this Article
CATEGORIES