Նախարար Եուրի Վարդանեան Միջազգային Կարգի Մարզական Վարպետի Վկայականներ Յանձնեց

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Եուրի Վարդանեանի հրամանով, «Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային կարգի մարզական վարպետ»-ի կոչում տրուեցան շարք մը մարզիկներու:

Իր լուրը քաղելով նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութենէն, «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» կը յայտնէ, որ այդ կոչումները շնորհուեցան հետեւեալ մարզիկներուն. Վաչիկ Եղիազարեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Արմէն Կարապետեան (փաուըր-լիֆթինկ), Անդրանիկ Կարապետեան (ծանրաբարձութիւն) եւ Գոռ Ներկարարեան (աթլեթիզմ):

Նախարար Վարդանեան անոնց վկայականները եւ կրծքանշանները յանձնելէ ետք իրենց մաղթեց մարզական աշխարհին մէջ նորանոր յաջողութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են ոչ միայն մարզիկներուն, այլեւ անոնց իրագործումներուն սպասող եւ անոնցմով ոգեւորուող հազարաւոր մարզասէրներուն:

Share this Article
CATEGORIES