ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՆԿԱԶԻԻ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

Եւրոպական Միութիւնը երէկ Պենկազիի մէջ գրասենեակ մը բանալով լիպիացի ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդին հետ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց, քայլ մը, որ մաս կը կազմէ Պենկազիի մէջ քաղաքական ղեկավարութեան միջազգային ճանաչման հետզհետէ թափ ստացող հոլովոյթին: Ֆրանսա, Իտալիա, Քաթար եւ Կամպիա արդէն իսկ ճանչցած են Պենկազիի փոխանցման իշխանութիւնները:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն երէկ Պենկազի այցելեց` բացումը կատարելու համար դիւանագիտական գրասենեակին եւ ժողովրդավարական Լիպիոյ մը համար «մինչեւ հեռաւոր ապագայ երկարող» զօրակցութիւն խոստացաւ:

Share this Article
CATEGORIES