«ԵԹԷ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՅՍՊԷՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ, ԱՊԱ ԲՈԼՈՐՍ ՏԽՐԵՑՆՈՂ ԺԽՏԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա կրնայ իր դիմագրաւած վտանգաւոր տագնապը խաղաղ ճամբով լուծել, եթէ «խորիմաստ եւ համապարփակ բարեփոխումներու» ձեռնարկէ` զգուշացնելով, որ այդ մէկը կատարելու «ժամանակը կը հատնի»:

Տաւութօղլու ըսաւ,որ «եթէ (Սուրիոյ իշխանութիւնները) այսպէս` ցոյցերը ճնշելու համար ապահովական ուժերը օգտագործել շարունակեն` առանց շօշափելի բարեփոխումներ կատարելու, բոլորս տխրեցնող ժխտական հետեւանքներ կրնան տեղի ունենալ»:

Միւս կողմէ, Տաւութօղլու Իսրայէլը զգուշացուց Կազա ուղղուող նոր նաւատորմիղի մը դէմ քայլի մը դիմելէ` նշելով, որ «այդ պարագային Թուրքիա անհրաժեշտ հակադարձ քայլին պիտի դիմէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES