ԿԻՒԼ. «ՀԱՄԱՍ ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ»

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շաբաթ օր «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա պաղեստինեան Համաս շարժումին կոչ ուղղած է` Իսրայէլի «գոյութիւն ունենալու իրաւունքը» ճանչնալու:

Կիւլ ողջունելէ ետք Միջին Արեւելքի շուրջ իր ճառին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութիւն մը ստեղծելու առնչութեամբ կեցուածքը, նշեց, որ Օպամայի «նշումը տեղին է», երբ կը յայտնէ, թէ կարելի չէ սպասել, որ Իսրայէլ բանակցի կողմի մը հետ, որ Իսրայէլի գոյութիւն ունենալու իրաւունքը չի ճանչնար: Ան աւելցուց, որ այդ մէկը կատարելու համար արդէն 2006-ին Անգարայի մէջ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալը հիւրընկալած ատեն խրատած է Համասը:

Կիւլ աւելցուց, որ ինք կը հաւատայ, թէ Համաս պատրաստ է Իսրայէլը 1967-ի սահմաններով ճանչնալու, սակայն կ՛ուզէ, որ այդ մէկը տեղի ունենայ Իսրայէլի կողմէ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութեան ճանաչման հետ միաժամանակ:

 

Share this Article
CATEGORIES