ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ մերժեց ստորագրել եմէնեան տագնապի լուծման համար Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը, նախքան անոր գործադրութեան ձեւերուն շուրջ համաձայնութեան գոյացումը: Ծոցի շրջանէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ կացութիւնը մտահոգիչ է եւ համաձայնութիւն գոյացնելու յոյսը տկար է: Ծոցի շրջանէն դիւանագիտական աղբիւր մը սպառնաց, որ Ծոցի երկիրները իրենց նախաձեռնութիւնը յետս պիտի կոչեն, եթէ Սալեհ զայն չստորագրէ, սակայն նախագահ Սալեհը համոզելու ջանքերը ձախողութեան մատնուեցան: Սալեհ նաեւ պահանջեց, որ համաձայնութեան ստորագրութիւնը տեղի ունենայ նախագահական պալատի սրահին մէջ` ընդդիմութեան հետ միատեղ եւ ոչ թէ փակ դռներու ետին: Այդ իրողութեան իբրեւ արդիւնք Ծոցի երկիրներու միջնորդական խմբակը մեկնեցաւ Եմէնէն:

Մինչ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանի, Եմէնի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ծոցի արաբական երկիրներու եւ եւրոպական երկիրներու դեսպանները Սանաայի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան մէջ հաւաքուած նախագահ Սալեհի պատասխանը կը սպասէին, Սալեհի համակիր զինեալներ պաշարեցին դեսպանատունը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Եմէնէն պահանջեցին իրենց դեսպանատունը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ անմիջական քայլերուն դիմել: Հետագային եմէնեան երկու ուղղաթիռներ դեսպանատան մէջ պաշարուած դիւանագէտները փոխադրեցին նախագահական պալատ: Սալեհի համակիրները նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը մերժելով Սանաայի մէջ ճամբաներ փակեցին:

Միւս կողմէ, Եմէնի ընդդիմութիւնը Սալեհին սպառնաց զինք «իր արմատէն խլող» յեղափոխութեամբ մը, եթէ նախաձեռնութիւնը չստորագրէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES